Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եգիպտական աշխատանքը չդադրեցաւ, եւ ջանքերը կը շարունակուին կարգաւորելու համար տագնապը, որոնելու անոր ելքերը, ինչպէս նաեւ միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն իսկական ու գործադրելի լուծումի հասնելու համար, սակայն շրջանային ու ներքին պայմանները չեն արտօներ նոր գաղափարներու ներկայացումը»:
«Չափազանց մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցողին: Բոլոր կողմերուն մօտ եւ ընդհանուր առմամբ կացութեան նկատմամբ անորոշութիւն կը տիրէ, եւ տուեալները ցոյց կու տան, թէ իրավիճակը չափազանց լարուած է», ըսաւ դիւանագէտը:
Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանը յայտնեց. «Կարելի չէ պետութեան ծիրէն դուրս զէնքի գոյութիւնը ընդունիլ, եւ պէտք է Լիբանանի մէջ պետութեան դերը մեծցնել, սակայն լիբանանեան կացութիւնը տարբեր է, եւ այդտեղ գլխաւոր վերնագիրը համաձայնութիւնն է: Իմ կարծիքովս, լուծումի հասնելու համար պէտք է ներքին երկխօսութիւն սկսի»:
«Եգիպտական ջանքերը կը շարունակուին, կը փորձենք, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը չզարգանայ աւելի վտանգաւոր բանի մը, եւ մենք բոլորին հետ կը խօսինք», նշեց Մուսա: