Սահմանադրական Խորհուրդը Կասեցուց Համաներման Օրէնքի Կիրարկումը

Սահմանադրական խորհուրդը երէկ հրապարակեց թիւ 10/2026 որոշումը, որով կասեցուց համաներման եւ բացառիկ կերպով պատիժներու տեւողութիւնը կրճատող օրէնքի կիրարկումը:

Որոշումը որդեգրուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թանուս Մաշլապի նախագահութեամբ եւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աուն Ռամատանի, Ահմետ Աքրամ Պաասիրիի, Ալպեր Սարհանի, Ռիատ Ապու Ղայտայի, Ֆաուզաթ Ֆարհաթի, Միշել Թարզիի, Էլիաս Մաշրիքանիի եւ Միրէյ Նաժըմի ներկայութեամբ գումարուած ժողովի ընթացքին, որմէ հիւանդութեան բանաւոր պատճառով կը բացակայէր դատաւոր Օմար Համզան:

Թիւ 70/2026 օրէնքին դէմ ներկայացուած բողոքարկումը քննարկելէ ետք, խորհուրդը մեծամասնութեան քուէներով որոշեց կասեցնել բողոքարկուած օրէնքի կիրարկումը, այդ որոշումը պաշտօնապէս փոխանցել հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին, ինչպէս նաեւ զայն պետական օրաթերթին մէջ հրապարակել:

Leave a Comment