Նախարարաց խորհուրդը երէկ Թանգարանի շրջանի իր կեդրոնին մէջ գումարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ նիստ մը, որ յատկացուած էր 2027-ի պետական ամավարկի քննարկման:
Մինչ այդ, հանգստեան կոչուած զինուորականներ ձեռնարկեցին Պէյրութի եւ այլ կարգ մը շրջաններու մէջ ճամբաներ փակելու` պահանջելով իրենց ամսականներու սրբագրումը:
Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց նպատակը «ճամբան փակելն ու քաղաքացիներուն նեղութիւն պատճառելը չէ, այլ արգելք հանդիսանալ, որ նախարարաց խորհուրդը ժողով գումարէ` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն իրենց պահանջները չբաւարարելուն եւ իր նախկին խոստումները չյարգելուն դէմ»:
Անոնք նշեցին, որ չեն հաւատար կառավարութեան այն պնդումին, թէ ան կարողութիւնը չունի իրենց ամսականներն ու թոշակները սրբագրելու:
Հանգստեան կոչուած զինուորականներու ներկայացուցիչները կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ շարք մը նախարարներու հետ ունեցան հանդիպում մը, որ ապա շարունակուեցաւ ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ:
Լիբանանեան զինեալ ուժերու նախկին անդամներու ընկերակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց. «Առնչակից նախարարներուն հետ հանգստեան կոչուած զինուորականներու պահանջներուն վերաբերեալ դրական ժողով մը գումարեցինք, եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ թիւերու ճշդումին կը սպասենք, որպէսզի մեր քայլերը ճշդենք»:
«Մեր իրաւունքները սուրբ են, եւ մագլցողական քայլերու պիտի դիմենք, եթէ մեր բոլոր իրաւունքները չստանանք», շեշտեց ան: