Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը ամէն օր յստակօրէն կ՛արտայայտէ իր նախընտրութիւնը յօգուտ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, փոխան Հըզպալլայի զէնքին: Հարաւային Լիբանանը չի պատկանիր շրջանային կողմերու կամ միլիսներու»:
«Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատեն այդ հասարակութիւնները եւ կ՛աջակցին լիբանանեան կառավարութեան յայտարարուած նպատակին` գերիշխանութեան ապահովման, որուն գործադրութիւնը կը ստանձնէ լիբանանեան բանակը: Միացեալ Նահանգներ նաեւ կ՛աջակցին երաշխաւորելու, որ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումները մնան լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը», յայտնեց դեսպանատունը: