«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մզհեր Ուէյս յայտնեց, որ ուրբաթ օր կնքուած սուրիացի դատապարտեալները Լիբանանէն իրենց երկիր տեղափոխելու շուրջ համաձայնութիւնը «արդիւնք է դիւանագիտական եւ արդարադատական աշխուժ հոլովոյթի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հասունացումը արտացոլացնող գործընկերութեան»: Ան այս մասին յայտնեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին: «Այս համաձայնութիւնը ուղղակի մարմնաւորումն է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի … Read more