Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ժիպէյլի գաւառի կուսակցութեան մասնաճիւղի ընթրիքի ընթացքին շեշտեց. «Մեր պայքարը պաշտպանութեան համար է գոյութեան ու դերակատարութեան, որպէսզի պահպանենք ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը»:

«Պայքարը լիբանանեան որոշումի ազատ ըլլալուն համար է, եւ որպէսզի լիբանանցին սակարկութիւններու մէջ իբրեւ թուղթ չօգտագործուի», աւելցուց երեսփոխանը:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը չի կայանար այն բանի մէջ, թէ ո՛վ աթոռներ կ՛ապահովէ, այլ այն բանի մէջ, թէ ո՛վ ինքնութիւնն ու գոյութիւնը կ՛ապահովէ, եւ երեսփոխանական ներկայացուցչութիւնը պատասխանատուութիւն է, հասարակաց օգուտ է եւ ոչ թէ` անձնական ձեռքբերում», շեշտեց Պասիլ:

Leave a Comment