Զօր. Հայքալի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Կրահամ. «Այնքան Ատեն Որ Լիբանանեան Բանակի Հըզպալլան Ահաբեկչական Չնկատելու Դիրքորոշումը Կը Շարունակուի, Չեմ Կարծեր, Թէ Հաւաստի Գործընկեր Մը Ունինք»

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ զօր. Հայքալի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ «լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ շատ կարճ ժողով մը» գումարած է:

Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Անոր ուղղակի կերպով հարցուցի, եթէ կը կարծէ, թէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Պատասխանեց. «Ո՛չ, լիբանանեան կացութեան ծիրին մէջ այդպէս չէ»: Այդ պահուն ժողովը վերջ գտաւ»:

«Յստակ է, թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Հըզպալլայի ձեռքերը ամերիկացիներու արիւնով ներկուած են: Կը բաւէ, որ հարցնէք ամերիկացի նաւազներուն», նշեց ծերակուտականը:

«Անիկա 1997 թուականէն ի վեր թէ՛ հանրապետական եւ թէ՛ դեմոկրատական վարչակազմերու կողմէ ահաբեկչական օտար կազմակերպութիւն որակուած է, եւ հաստատ պատճառով», աւելցուց Կրահամ:

Leave a Comment