300 Սուրիացի Բանտարկեալներու Դամասկոսի Յանձնման Շուրջ Լիբանան-Սուրիա Համաձայնութիւն

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Սուրիոյ հետ ստորագրեցինք սուրիացի դատապարտեալ բանտարկեալները իրենց երկիր տեղափոխելու շուրջ համաձայնութիւն մը»:

Մըթրի շեշտեց. «Այս համաձայնութիւնը ջանքի արդիւնք է եւ արտայայտութիւնը քաղաքական հասարակաց կամքի, որ կ՛ըսէ, թէ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ»:

Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մզհեր Ուէյս իր կարգին յայտարարեց, որ արդարադատական զգայուն շարք մը թղթածրարներու կարգաւորման մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, հակառակ «գոյութիւն ունեցող բարդութիւններու»:

Ուէյս ըսաւ, որ լուծուած է բանտերուն մէջ երկար ժամանակ մնացած անհետ կորսուածներու թղթածրարը, եւ աշխատանք կը տարուի ներկայ համաձայնութեան մէջ չներառուած անհետ կորսուածներու թղթածրարի կարգաւորման ժամանակացոյցի պատրաստութեան համար:

Անոր համաձայն, այն, ինչ որ իրագործուեցաւ արդարութեան առաջնորդող ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ է:

Համաձայնութեան գործադրութիւնը կը սկսի այսօր:

Leave a Comment