Ժահժահ. «Դժբախտաբար, Լիբանանեան Եւ Իրանեան Ուղիները Փոխկապակցուած Են, Որովհետեւ Թեհրանը Ունի Յենարան, Որ Կը Խոչընդոտէ Լիբանանեան Պետութեան Ամբողջ Գործունէութիւնը»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Դժբախտաբար, լիբանանեան եւ իրանեան ուղիները փոխկապակցուած են, որովհետեւ Թեհրան յաջողեցաւ անցնող քառասուն տարիներուն ընթացքին ունենալ յենարան, որ կը խոչընդոտէ լիբանանեան պետութեան ամբողջ գործունէութիւնը, եւ մեկնելով ատկէ կարելի է ըսել, թէ այն, ինչ որ Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ, անկախ մեզ անկէ բաժնող աշխարհագրական հեռաւորութենէն, Լիբանանի վրայ կ՛ազդէ, որովհետեւ Իրան Լիբանանի մէջ յենարան ունի»:

«Այսօր, եթէ Իրան Հըզպալլային իր աջակցութիւնը դադրեցնէ, հարաւի, Լիթանիէն հիւսիս, Պեքայի, Պէյրութի, Լեռնալիբանանի ու Աքքարի մէջ եւ ամէնուր ամէն խնդիր կը լուծուի: Անշուշտ, Լիբանան պիտի ազդուի անմիջապէս, որ (իրանեան) վարչակարգը միջազգային կամքին նկատմամբ իր վարմունքը փոխէ, եւ իբրեւ պետութիւն մեզի կը մնայ մեր ներկայութիւնը փաստել», ըսաւ ան:

«Հըզպալլայի երեսփոխանները զարմանալի են. անոնք եւ կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ կ՛ըսեն, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը միայն Լիթանի գետէն հարաւի մասին կը խօսի», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը` շեշտելով. «Ատիկա մեծ սուտ մըն է, որովհետեւ նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ որոշ կէտ չճշդեց, այլ` ամբողջ երկիրը: Թիւ 1559 որոշումը եւս կոչ կ՛ուղղէ` լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ ապօրինի բոլոր զինեալ խմբաւորումները լուծարել: Այդ որոշումը նաեւ կը նշէ արեւելեան, այսինքն` Սուրիոյ հետ սահմանները»:

«Հըզպալլան այս մեծ սխալին վրայ այսքան կը պնդէ, որովհետեւ գիտէ, թէ կրկնութեան այս գործելաոճը մարդոց մտքին մէջ պիտի տպաւորուի, մինչեւ որ իր գաղափարին համոզուին», նշեց Ժահժահ:

Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ան ըսաւ. «Ընտրութիւնները հաստատօրէն իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան»:

Leave a Comment