Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին` նշելով. «Մայիսի եւ յունիսի միջեւ ընտրական օրէնքը պիտի չփոխուի, եւ պիտի մնայ ինչպէս որ է»:

«Նախապէս առաջարկեցի անոնց, որոնք անոր հետ էին, սակայն հիմա անոր կ՛ընդդիմանան, արտերկրի վեց աթոռները ջնջել արտասահմանի լիբանանցիներու երկրէն ներս քուէարկելուն դիմաց, եւ համաձայն գտնուեցայ այստեղ քուէարկելը դիւրացնելու առիթ ընծայելու համար թեքնիք սահմանափակ յետաձգում կատարելու, սակայն չընդունեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այժմ այդ առաջարկէն ետդարձ կատարեցի, եւ կ՛ուղղուինք դէպի ընտրութիւններ, իրենց ժամկէտին եւ գործող օրէնքով»:

«Ընտրական օրէնքի բարեփոխման որեւէ նիստ պիտի չհրաւիրեմ: Զայն միայն պէտք է գործադրենք: Այս է միակ լուծումս: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մայիսին: Ցաւալի է, որ զայն ներկայ օրէնքին հիմամբ պիտի կատարենք», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

Leave a Comment