Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Մուսա. «Յանձնառու Ենք Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը Յաջողցնելուն»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եգիպտոս Հնգեակի պետութիւններուն կողքին յանձնառու է 5 մարտին Փարիզի մէջ նախատեսուած լիբանանեան բանակի եւ ապահովական ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովը յաջողցնելուն»:

«Հանրապետութեան նախագահին հետ խօսեցանք իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններու թղթածրարին մասին: Կը մաղթենք, որ անոնք դէպի յաջողութիւն ուղղուին` նկատի ունենալով անոնց յաջողութեան ազդեցութիւնը շրջանին վրայ: Եգիպտոս յանձնառու է բանակցային հոլովոյթին աջակցութեան», ըսաւ դեսպանը:

«Կը մերժենք Լիբանանի վրայ որեւէ յարձակում եւ կը պահանջենք ամբողջական կերպով գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը, Իսրայէլի բռնագրաւեալ հինգ կէտերէն հեռացումն ու լիբանանցի գերիներուն վերադարձը, մինչ լիբանանան պետութիւնը իր դերը լաւապէս կը կատարէ: Ասիկա եգիպտական հաստատ դիրքորոշում մըն է, որ մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին կը կրկնենք», շեշտեց Եգիպտոսի դեսպանը:

Leave a Comment