Պարրօ. «Ֆրանսա Կառչած Կը Մնայ Զինադադարի Համաձայնութեան»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ հասաւ Լիբանան եւ նախ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Պարրօ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը «շատ յաջող էր եւ լաւ ձեւով ընթացաւ»:

Այն Թինէ հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի եւ շրջանին մէջ  տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ 5 մարտին Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան խորհրդաժողովի պատրաստութիւններն ու Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները:

Պարրօ նոյն հարցերը վարչապետարանին մէջ քննարկեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ֆրանսական դեսպանատան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ զինադադարի համաձայնութեան եւ կը պնդէ բոլորին կողմէ անոր յարգման ու գործադրման վրայ` աւելցնելով, թէ կը պահանջուի, որ Իսրայէլ հեռանայ լիբանանեան հողերէն, իսկ քաղաքայինները հարուածներէն պաշտպանուած ըլլան:

«Լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ այս առնչութեամբ քննարկումները «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով բաց են, եւ լիբանանեան իշխանութիւնն ու բանակը պէտք է շարունակեն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու աշխատանքը», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

«Լիբանան պէտք է խուսափի բարեկարգումները ձգձգելէ, եւ տագնապները, որոնք զիս մղեցին Միջին Արեւելք այցելելու, մեզի կը յիշեցնեն, թէ կրնանք Լիբանանի բնորդէն ուժ ստանալ», նշեց ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն Պարրոյի յայտնեց. «Իսրայէլի հեռացումն ու բանակի մինչեւ սահման տեղակայումը հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան կարգաւորման հիմնական նախապայման է»:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները մնայուն զարգացման մէջ են` նշելով. «Սուրիոյ կայունութիւնը մեզ կը հետաքրքրէ, որովհետեւ դրական անդրադարձ կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ կայունութեան վրայ եւ կ՛օգնէ ապահովական, դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հաւասարապէս կեանքի կոչման»:

Leave a Comment