Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանան-Քաթար յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման իր ջանքերուն ծիրին մէջ ընդունեց Պէյրութի մէջ Քաթարի դեսպանատան մէջ հիւպատոս Սէյֆ Պըն Մաժետ Մանսուրին:
Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Լիբանանի աջակցութեան մէջ Քաթարի դրական դերակատարութիւնն ու տարբեր առիթներով տեւաբար անոր կողքին կանգնիլը, ինչ որ կ՛արտացոլէ երկու երկիրները միաւորող ազնիւ ոգին եւ Քաթարի ղեկավարութեան Լիբանանի նկատմամբ եղբայրական վերաբերմունքը:
Ան նաեւ բարձր գնահատեց Քաթարի կողմէ լիբանանեան մարմնակրթութեան նկատմամբ ցուցաբերուած եւ ցուցաբերուող աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդական ու սկաուտական տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ փոխյարաբերութիւնը:
Պայրագտարեան իր քաթարցի հիւրին հետ խոր քննարկումի ենթարկեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ նախարարութեան աշխատանքն ու Քաթարի ապագայ ծրագիրներու աջակցութեան կարելիութիւնը: