«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մզհեր Ուէյս յայտնեց, որ ուրբաթ օր կնքուած սուրիացի դատապարտեալները Լիբանանէն իրենց երկիր տեղափոխելու շուրջ համաձայնութիւնը «արդիւնք է դիւանագիտական եւ արդարադատական աշխուժ հոլովոյթի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հասունացումը արտացոլացնող գործընկերութեան»: Ան այս մասին յայտնեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:

«Այս համաձայնութիւնը ուղղակի մարմնաւորումն է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի ցուցմունքին` հետեւելու կացութեանը սուրիացի քաղաքացիներուն, ուր որ ալ անոնք գտնուին», ըսաւ Ուէյս:

«Համաձայնութեան պատրաստութիւնը կատարուեցաւ արդարադատական հասարակաց թեքնիք յանձնախումբի մը ճամբով, որ բարձր թափանցիկութեամբ ու արհեստավարժութեամբ գործեց», նշեց ան:

Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարը բարձր գնահատեց լիբանանեան արդարադատութեան դերը` բարդ թղթածրարներու կարգաւորման արագացման մէջ:

«Այս ձեռքբերումը առաջին եւ հիմնական քայլ մըն է կացութիւնը լուծելու Լիբանանի մէջ դատապարտուած սուրիացիներուն, որոնք երկար ատեն մնացած են բանտերուն մէջ, եւ անոնց թղթածրարները արդարադատական առումով ամէնէն բարդն էին», նշեց նախարարը:

«Այս համաձայնութեամբ աշխատանքը պիտի չդադրի, որովհետեւ արդարադատական եւ թեքնիք հասարակաց յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր ժողովներն ու առաքելութիւնը` հետեւելու համար մնացեալ սուրիացի կալանաւորներու կացութեան եւ մանրակրկիտ կերպով սերտելու անոնց թղթածրարները` ապահովելու համար անոնց իրաւական իրաւունքները` ճամբայ հարթելու համար ապագային հասնելու համապարփակ յաւելեալ համաձայնութեան մը, որ կը կարգաւորէ առնչակից տարբեր կողմերը», ըսաւ Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին` սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարին մէջ արդիւնաւէտ գործակցութեան եւ համաձայնութեան կնքման համար:

«Այս քայլը պատմական փուլ մըն է վերջ տալու մեր ժողովուրդը մտատանջող այդ թղթածրարին եւ մեկնարկ մըն է ռազմավարական տոկուն յարաբերութիւններու, որոնք կը ծառայեն երկու եղբայրական երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն», նշեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը:

Ան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Ֆրանսայի ցուցաբերած մեծ աջակցութիւնը «այս մարդասիրական թղթածրարի բարեյաջող կարգաւորման համար»:

Leave a Comment