Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Մուսա. «Յանձնառու Ենք Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը Յաջողցնելուն»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եգիպտոս Հնգեակի պետութիւններուն կողքին յանձնառու է 5 մարտին Փարիզի մէջ նախատեսուած լիբանանեան բանակի եւ ապահովական ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովը յաջողցնելուն»: «Հանրապետութեան նախագահին հետ խօսեցանք իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններու թղթածրարին մասին: Կը մաղթենք, որ անոնք դէպի յաջողութիւն ուղղուին` նկատի … Read more

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին` նշելով. «Մայիսի եւ յունիսի միջեւ ընտրական օրէնքը պիտի չփոխուի, եւ պիտի մնայ ինչպէս որ է»: «Նախապէս առաջարկեցի անոնց, որոնք անոր հետ էին, սակայն հիմա անոր կ՛ընդդիմանան, արտերկրի վեց աթոռները ջնջել արտասահմանի լիբանանցիներու երկրէն ներս քուէարկելուն դիմաց, եւ … Read more

Պարրօ Այսօր Լիբանան Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ այսօր երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան կը հասնի: Ան Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած շրջագայութեան ծիրին մէջ երէկ հասաւ Դամասկոս, ուր նշեց. «Կը կարծեմ, թէ քիւրտերուն եւ սուրիացիներուն միջեւ համաձայնութիւնը պիտի ամրապնդէ անոնց իրաւունքները եւ ամրապնդէ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարի մեր ջանքերը»: «Մեր առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն է», ըսաւ … Read more

Պարրաք. «Լիբանանը Ձախողած Պետութիւն Է, Եւ Անոր Վերականգնումը Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Երկխօսութեամբ Է»

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք Քալիֆորնիոյ «Միլքըն» հիմնարկին մէջ դասախօսութեան ընթացքին յայտնած է, որ շրջանը դէպի նոր Միջին Արեւելք կ՛ուղղուի` նշելով. «Սայքս-Փիքոյէն ի վեր Արեւմուտքի միջամտութիւնները եւ մինչեւ իսկ Պալֆուրի խոստումը շրջանին միայն աղէտ բերին»: Այս մասին հաղորդեց «Ժումհուրիա» օրաթերթը: «Արեւմուտքի մեծ սխալը իր ձեւաչափը պարտադրելն էր շրջանի … Read more

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` Ռաատ. «Փոխհասկացողութեան Եւ Գործակցութեան Նախանձախնդիր Ենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ չորեքշաբթի երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ լիբանանցիները հետաքրքրուած են միասնականութեան եւ համախմբման մթնոլորտի պահպանումով, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի բռնագրաւումին վերջ տալուն ու գերիշխանութեան վերականգնման: «Մեր հարցերը պէտք է կարգաւորենք համակարգումով, գործակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ», նշեց երեսփոխանը: «Նախանձախնդիր ենք փոխադարձ … Read more

Խազեն. «Լիբանանը Վիրաւոր Պետութիւն Է Եւ Ոչ Թէ Ձախողած, Իսկ Անոր Վերականգնման Ուղին Իսրայէլի Հետ Երկխօսութիւնը Չէ»

Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նշեց. «Անհրաժեշտ կը նկատենք Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաքի ուշադրութեան յանձնել վտանգաւորութիւնը երէկ կատարած անոր յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ Լիբանանը որակեց իբրեւ ձախողած պետութիւն եւ ակնարկեց, թէ անոր վերականգնման ուղին Իսրայէլի հետ ուղղակի երկխօսութիւնն է. մօտեցում մը, որ կը վերյիշեցնէ շրջանի մասնատման եւ սահմաններու վերագծման … Read more

Ամմար. «Չափազանց Զգայուն Փուլէ Կ՛անցնինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի մեծարման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Չափազանց զգայուն, նուրբ եւ վտանգաւոր փուլէ կ՛անցնինք, երբ անհաւատութեան եւ անհամաձայնութեան ազգերը մեր դէմ դաւադրութիւն կը կազմակերպեն, այս երթին վնասելու համար. սկսելով Իրանէն եւ հասնելով Լիբանան»: «Թշնամիներուն կողմէ այս յարձակումը մեզի համար բացարձակապէս անակնկալ չէր, որովհետեւ … Read more

Նախագահ Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորականութեան պլոքի անդամներ Մոհամետ Սլէյմանը, Սաժիհ Աթիէն, Ահմետ Խէյրն ու նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշը եւ անոնց հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու շրջանային կացութեան զարգացումները: Անդրադարձ կատարուեցաւ Աքքարի շրջանի կարիքներուն: Նախագահ Աուն վստահեցուց, որ միշտ կը հետեւի առողջապահութեան, կրթութեան եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ շրջանի զաւակներուն … Read more

Պըրրիին Յղած Իր Նամակին Մէջ. «Լիբանանի Ժողովուրդը Հրաւիրուած Է Միասնաբար Աշխատելու Խաղաղութեան Եւ Հաշտութեան Մշակոյթի Պահպանման Համար» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լեւոն ԺԴ. պապէն ստացաւ շնորհակալական նամակ մը, որուն մէջ սրբազան քահանայապետը նշեց. «Ձեզի հետ անցուցած օրերուս ընթացքին զգացի, թէ Լիբանանը քաջութեան ու տոկունութեան կենդանի օրինակ է, եւ անոր ժողովուրդը հրաւիրուած է, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան ու հաշտութեան մշակոյթի պահպանման համար: «Տպաւորուեցայ համագործակցութեան ոգիով ու դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ զանոնք հանդիպումներուն … Read more

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Մնասսան

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան: Աուն Մնասսայի հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զինուորականներու եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու ամսականներու հարցին` զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու համար ընթացող հաղորդակցութիւններու լոյսին տակ: