Արտիլ. «ՖԻՆԻՒԼ-ը Մտադիր Է Իր Ուժերուն Մեծամասնութիւնը Լիբանանէն Հեռացնել 2027-ի Կիսուն Եւ Իր Գործողութիւնները Աւարտել Այս Տարուան Վերջաւորութեան»

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Քանիս Արտիլ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը մտադիր է իր ուժերուն մեծամասնութիւնը Լիբանանէն հեռացնել 2027 թուականի կիսուն, այս տարուան աւարտին իր լիազօրութեան աւարտէն ետք: «Այս տարուան աւարտին իր գործողութիւններու ժամկէտին աւարտէն ետք, միջազգային ուժը պիտի սկսի իր անձնակազմն ու սարքերը հեռացնելու եւ մեր դիրքերը լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու գործողութիւնը», որմէ ետք պիտի կատարէ … Read more

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հարաւային Լիբանան իր շրջագայութեան երկրորդ օրը սկսաւ սահմանամերձ Քֆարքիլա գիւղէն, ուր նշեց. «Այցելութիւնս հաստատելու համար է, որ պետութիւնը իր բոլոր ծառայութիւններով կը կանգնի աղէտեալ գիւղերու կողքին»: «Կ՛ուզեմ ծրագիրներ, որոնք կիրարկելի են, եւ աշխատանք պիտի տանիմ վերականգնելու այն ճամբաները, որոնց վերականգնման կարիքը կայ, վերականգնելու հաղորդակցութիւններու, ելեկտրականութեան ու ջուրի ցանցերը: Վերաշինութիւնը կը սկսի … Read more

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մզհեր Ուէյս յայտնեց, որ ուրբաթ օր կնքուած սուրիացի դատապարտեալները Լիբանանէն իրենց երկիր տեղափոխելու շուրջ համաձայնութիւնը «արդիւնք է դիւանագիտական եւ արդարադատական աշխուժ հոլովոյթի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հասունացումը արտացոլացնող գործընկերութեան»: Ան այս մասին յայտնեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին: «Այս համաձայնութիւնը ուղղակի մարմնաւորումն է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի … Read more

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ժիպէյլի գաւառի կուսակցութեան մասնաճիւղի ընթրիքի ընթացքին շեշտեց. «Մեր պայքարը պաշտպանութեան համար է գոյութեան ու դերակատարութեան, որպէսզի պահպանենք ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը»: «Պայքարը լիբանանեան որոշումի ազատ ըլլալուն համար է, եւ որպէսզի լիբանանցին սակարկութիւններու մէջ իբրեւ թուղթ չօգտագործուի», աւելցուց երեսփոխանը: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը չի կայանար այն բանի մէջ, թէ … Read more

Ժահժահ. «Դժբախտաբար, Լիբանանեան Եւ Իրանեան Ուղիները Փոխկապակցուած Են, Որովհետեւ Թեհրանը Ունի Յենարան, Որ Կը Խոչընդոտէ Լիբանանեան Պետութեան Ամբողջ Գործունէութիւնը»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Դժբախտաբար, լիբանանեան եւ իրանեան ուղիները փոխկապակցուած են, որովհետեւ Թեհրան յաջողեցաւ անցնող քառասուն տարիներուն ընթացքին ունենալ յենարան, որ կը խոչընդոտէ լիբանանեան պետութեան ամբողջ գործունէութիւնը, եւ մեկնելով ատկէ կարելի է ըսել, թէ այն, ինչ որ Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ, անկախ մեզ անկէ բաժնող աշխարհագրական հեռաւորութենէն, Լիբանանի վրայ կ՛ազդէ, որովհետեւ … Read more

Պարրօ. «Ֆրանսա Կառչած Կը Մնայ Զինադադարի Համաձայնութեան»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ հասաւ Լիբանան եւ նախ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Պարրօ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը «շատ յաջող էր եւ լաւ ձեւով ընթացաւ»: Այն Թինէ հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի եւ շրջանին մէջ  տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ … Read more

300 Սուրիացի Բանտարկեալներու Դամասկոսի Յանձնման Շուրջ Լիբանան-Սուրիա Համաձայնութիւն

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Սուրիոյ հետ ստորագրեցինք սուրիացի դատապարտեալ բանտարկեալները իրենց երկիր տեղափոխելու շուրջ համաձայնութիւն մը»: Մըթրի շեշտեց. «Այս համաձայնութիւնը ջանքի արդիւնք է եւ արտայայտութիւնը քաղաքական հասարակաց կամքի, որ կ՛ըսէ, թէ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ»: Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մզհեր Ուէյս իր կարգին յայտարարեց, որ արդարադատական … Read more

Զօր. Հայքալի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Կրահամ. «Այնքան Ատեն Որ Լիբանանեան Բանակի Հըզպալլան Ահաբեկչական Չնկատելու Դիրքորոշումը Կը Շարունակուի, Չեմ Կարծեր, Թէ Հաւաստի Գործընկեր Մը Ունինք»

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ զօր. Հայքալի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ «լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ շատ կարճ ժողով մը» գումարած է: Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Անոր ուղղակի կերպով հարցուցի, եթէ կը կարծէ, թէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: Պատասխանեց. «Ո՛չ, լիբանանեան կացութեան ծիրին մէջ այդպէս չէ»: Այդ պահուն ժողովը վերջ գտաւ»: «Յստակ … Read more

Նախագահ Աուն-Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան: Դեսպան Իսա նախագահին հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ վերջին զարգացումներուն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ու լիբանանեան բանակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան ծիրին մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ անոր բանակցութիւններուն: … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Քաթարի Հիւպատոսը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանան-Քաթար յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման իր ջանքերուն ծիրին մէջ ընդունեց Պէյրութի մէջ Քաթարի դեսպանատան մէջ հիւպատոս Սէյֆ Պըն Մաժետ Մանսուրին: Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Լիբանանի աջակցութեան մէջ Քաթարի դրական դերակատարութիւնն ու տարբեր առիթներով տեւաբար անոր կողքին կանգնիլը, ինչ որ կ՛արտացոլէ երկու երկիրները միաւորող ազնիւ ոգին եւ Քաթարի ղեկավարութեան Լիբանանի … Read more