Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ չորեքշաբթի երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ լիբանանցիները հետաքրքրուած են միասնականութեան եւ համախմբման մթնոլորտի պահպանումով, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի բռնագրաւումին վերջ տալուն ու գերիշխանութեան վերականգնման:
«Մեր հարցերը պէտք է կարգաւորենք համակարգումով, գործակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ», նշեց երեսփոխանը:
«Նախանձախնդիր ենք փոխադարձ հասկացողութեան եւ գործակցութեան` իրագործելու համար բոլոր լիբանանցիներու շահերը, գաղթականներուն տունդարձին, վերաշինութեան աշխատանքի մեկնարկին եւ պետութեան` գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը ստանձնելուն` անհրաժեշտութեան պարագային անոր թիկունք կանգնելու համար», ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով հանդիպումին` Ռաատ նշեց. «Ներկայացուցինք մեր դիրքորոշումին մանրամասնութիւնները եւ մեր պատրաստութիւնները` յաջողութիւն մաղթելով այն նպատակներուն իրագործման, զորս նշեցինք: Լսեցինք նախագահի պատկերացումները եւ համաձայնեցանք հաղորդակցութիւնը շարունակելու»: