Մըքտատ. «Իսրայէլի Յարձակումներուն Նպատակը Լիբանանին Քաղաքական, Դիւանագիտական Ու Զինուորական Պաշտօնական Յանձնախումբի Ձեւաւորումը Պարտադրելն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլան չի նախատեսեր, թէ Իսրայէլ իր յարձակումները պիտի դադրեցնէ, այլ անոնց կշռոյթը պիտի բարձրանայ, «եւ անոնց նպատակը Լիբանանին քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական պաշտօնական յանձնախումբի մը ձեւաւորումը պարտադրելն է` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելու համար, ինչպէս նաեւ անոր անձնատուութիւն պարտադրելը` յանձնախումբին … Read more

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Լիբանանի համար գերիշխանական ճակատ»-ի պատուիրակը ընդունելով յայտնեց. «Օտար պետութիւններուն Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերականգնումն ու անոր աջակցիլը բնական արդիւնք են Լիբանանի ներկայիս կատարածին` պետութեան հաստատ հիմերու վրայ վերակառուցման, մասնաւորաբար օրէնքի իշխանութեան տարածման եւ զէնքի մենաշնորհի գործադրման առումներով: Անոնք երկու հարցեր են, որոնցմէ ետդարձ չկայ, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, եւ աշխատանք կը տանինք … Read more

Սալամ. «Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չարտօնենք Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշել»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տուպայի մէջ «Կառավարութիւններու համաշխարհային խորհրդաժողով»-ի ծիրին մէջ երկխօսութեան նիստի մը ընթացքին յայտնեց. «Գերիշխանութիւնն ու բարեկարգումը իրարու զուգահեռ հարցեր են: Անոնք այսօր Լիբանանը փրկելու հիմնական կարիքներ են: Գերիշխանութիւնը կը նշանակէ վերատիրանալ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին, պետութեան իր սեփական ուժերով գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածել եւ զէնքը լիբանանեան զինեալ ուժերու մենաշնորհը դարձնել»: «Աշխատանք … Read more

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Երիտասարդ Ղեկավարներու Արաբական Ժողովի 5-րդ Նիստին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Տուպայի մէջ Երիտասարդ ղեկավարներու արաբական ժողովի 5-րդ նիստին: Նախարարը Տուպայ մեկնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երիտասարդութեան հարցերով պետական նախարար, Արաբ երիտասարդներու կեդրոնի փոխնախագահ դոկտ. Սուլթան Պըն Սէյֆ Նայատիի հրաւէրով: Պայրագտարեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ մասնակցեցաւ ժողովին, որուն կը մասնակցէր նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ: … Read more

Շէյխ Քասեմ. «Գոյութենական Վտանգ Ներկայացնող Յարձակում Կը Դիմագրաւենք, Եւ Պէտք Է Բոլորը Անոր Դէմ Դնեն»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք մեր հողերը, մեր իրաւունքը, գոյութիւնը եւ ազատագրումը պաշտպանելու փուլին մէջ ենք: Մենք պարզ խնդիր մը չենք դիմագրաւեր, այլ գոյութենական վտանգ ներկայացնող յարձակում մը, որ կ՛ուզէ մեր գոյութիւնը ջնջել»: «Երբ թշնամին չի կրնար մարտիկները թիրախաւորել, ուշադրութիւնը կը դարձնէ քաղաքայիններուն, տուներուն եւ գիւղերուն վրայ: … Read more

Մըթրի. «Սուրիոյ Հետ Ցամաքային Սահմանագծումը Պիտի Սկսի Մօտ Օրէն»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Հըզպալլան կը մերժէ Լիթանի գետի հիւսիսային շրջանին մէջ զէնքը յանձնել»: «Պետութիւնը ամբողջ երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհման հարցը կը հետապնդէ եւ անկէ ետդարձ պիտի չկատարէ», ըսաւ փոխվարչապետը: Ան սէուտական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Կը մերժենք երկիրը ներքաշել շրջանային պատերազմի մէջ կամ զայն վերածել ուրիշներու … Read more

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ իր ընդլայնուած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատեց միջազգային ու եւրոպական բոլոր հարթակներուն վրայ Լիբանանին աջակցող Սպանիոյ դիրքորոշումը, մասնաւորաբար ֆինանսական եւ այլ օժանդակութիւններու տրամադրման ճամբով լիբանանեան բանակին աջակցութիւնը: «Լիբանան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Փարիզի մէջ 5 մարտին գումարուելիք բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի Մատրիտի մասնակցութեան», նշեց հանրապետութեան նախագահը: … Read more

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Անսարիէ եւ Քլէյլա գիւղերուն վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ 8 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց Քանա եւ Քֆարթըպնիթ գիւղերու բնակիչները, թէ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներու վրայ յարձակում պիտի գործէ, մասնաւորաբար իբրեւ թիրախ նկատելով Քֆարթըպնիթի մէջ շէնք մը, որ աւելի ուշ հարուածեց, ապա յարձակում գործեց Այն Քանա գիւղին վրայ: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ … Read more

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակը կիրակի առտու իրենց տեղեկացուցած է, թէ Կապոյտ գիծին մօտ օդային գործողութիւն պիտի կատարէ` նետելու համար քիմիական նիւթ մը, «որ անոնց խօսքով թունաւոր չէ»: «Իսրայէլեան բանակը ըսաւ, որ խաղաղապահ ուժերը պէտք է հեռու եւ ծածկի տակ մնան, ինչ որ անոնց ստիպեց աւելի քան տասը գործողութիւն ջնջելու», նշեցին խաղաղապահ միջազգային ուժերը: «Այս … Read more

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին եւ անոր դաշնակիցները կը կարծեն, թէ մեր ժողովուրդին դէմ սպանութեան, քանդումի եւ տեղահանութեան թշնամական արարքները շարունակելը այս ժողովուրդը պիտի մղեն ընկրկման, նահանջի եւ անձնատուր ըլլալու թշնամիին, որ սահման չի ճանչնար, այլ անձնատուութիւն, տիրութիւն, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան ոտնահարում կ՛ուզէ»: «Բացայայտ կերպով կ՛ըսենք` մեր ժողովուրդը պիտի չնահանջէ, … Read more