Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի մեծարման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Չափազանց զգայուն, նուրբ եւ վտանգաւոր փուլէ կ՛անցնինք, երբ անհաւատութեան եւ անհամաձայնութեան ազգերը մեր դէմ դաւադրութիւն կը կազմակերպեն, այս երթին վնասելու համար. սկսելով Իրանէն եւ հասնելով Լիբանան»:
«Թշնամիներուն կողմէ այս յարձակումը մեզի համար բացարձակապէս անակնկալ չէր, որովհետեւ պէտք է միշտ յիշենք այս թշնամիին` ամերիկացի ըլլայ ան, թէ Իսրայէլացի, կրած ցաւերն ու կորուստները, որոնք հսկայական կորուստներ են», նշեց երեսփոխանը: