Շիի Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Շիի Համայնքին Վրայ Յարձակումը Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Կեղտոտութեան

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ որոշ ատենէ կը նշմարէ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ճամբով քաղաքական ու տեղեկատուական արշաւներ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը վատաբանեն ու յարձակում կը գործեն շիի համայնքին, անոր հաւատամքին եւ Լիբանանի ու աշխարհի վրայ անոր կրօնական հեղինակութիւններուն վրայ: Խորհուրդը նշեց, որ իսրայէլեան շարունակուող եւ մագլցում արձանագրող յարձակումին լոյսին տակ հայրենիքին դիմագրաւած … Read more

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա նշեց. «Յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ կառավարութեան ելեւմտական բացի նախագիծին ու տնտեսական խորհուրդներուն եւ դրամատուներուն միջեւ տարակարծութիւնը երկու կէտի վրայ է` 9 միլիառ տոլարը, որ ծաւալն է պարտադիր պահեստի գումարին, որ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերուն կը պատկանի եւ ոչ թէ անոնց երկուքին, ինչպէս նաեւ ճգնաժամի համակարգային կամ համապարփակ որակումն … Read more

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

Լիբանանեւպաղեստինեան յանձնախումբի նախագահ Ռամեզ Տիմաշքիէ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զէնքի յանձնման գործողութեան չամբողջանալու պատճառին: «Կարգ մը լրատուամիջոցներու տեսախցիկները ներկայ էին, ինչպէս նաեւ յանձնուեցան զէնքերով բեռցուած չորս բեռնակառքեր, որոնք կը պարունակէին նկատառելի զէնքեր, ներառեալ «Քոռնեթ» տիպի հրթիռներ, սակայն գործողութիւնը որոշ չափով գումակային գետնի վրայ դժուար էր», ըսաւ ան: … Read more

Մըքտատ. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Մեզ Ներքին Սադրանքի Մէջ Ներքաշել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ նշեց. «Դիմադրութիւնն է, որ 1982 թուականէն ի վեր Լիբանանը պաշտպանեց, եւ ինքն է, որ պիտի շարունակէ զայն պաշտպանել` շնորհիւ իր նահատակներու արիւնին եւ զոհողութիւններուն»: Երեսփոխանը Հըզպալլայի կազմակերպած քաղաքական հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Դիմադրութիւնը հազարաւոր նահատակներ, վիրաւորներ եւ գերիներ չտուաւ, որպէսզի իսրայէլացի թշնամիին առջեւ ծունկի գայ, այլ այդ զոհողութիւնները կատարեց, … Read more

Մըթրի. «Ապահովական Մարմինները Պէտք Է Ստուգեն Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի Համակիրներու Շարժումներուն Մասին Տեղեկութիւնները»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի համակիրներուն կողմէ շարժումներու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ եւ մարդոց միջեւ շրջանառուող լուրերը մտահոգիչ են»: «Լիբանանեան ապահովական մարմինները պէտք է ստուգեն անոնց ճշգրտութիւնը եւ պատշաճ քայլեր որդեգրեն, որովհետեւ ատիկա անոնց պարտականութիւնն է», աւելցուց ան: «Անոնք եւ մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք Լիբանանի մէջ կամ այստեղէն մեկնարկուող Սուրիոյ հողային … Read more

Շէյխ Խաթիպ. «Լիբանանցիները Սկսան Կառավարութեան Նկատմամբ Իրենց Վստահութիւնը Կորսնցնել»

Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Կը թուի, թէ Նոր տարին իրեն հետ պիտի բերէ ընկերային բարկացոտ ցոյցեր, որոնք պիտի ներառեն շարք մը մարզերու մէջ գործադուլի եւ նստացոյցի կոչեր, այն պատճառով, որ արդար պահանջներուն պաշտօնական անտեսում կայ, մինչ կառավարութիւնը ընկերային տագնապներուն դէմ կը դնէ մեծ շփոթով եւ շտապողականութեամբ: «Այս կառավարութեան կողմէ հաստատուած … Read more

Սաատ Հարիրի Կը Հերքէ «Ապու Օմար»-ի Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Կամ Հանդիպման Կայացումը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կտրուկ ու վճռական կերպով հերքեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած տեսագրութեան մը  մէջ նշուած ոմն «Ապու Օմար»-ի հետ Ապու Տապիի կամ այլուր, ինչպէս նաեւ որեւէ տեսակի հաղորդակցութեան միջոցով ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութեան կամ հանդիպումի տեղեկութիւնը: Հարիրի իր գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ տեսագրութեան պարունակութիւնը բացարձակ յերիւրանք եւ ապատեղեկատուութիւն է: Անիկա … Read more