Խազեն. «Լիբանանը Վիրաւոր Պետութիւն Է Եւ Ոչ Թէ Ձախողած, Իսկ Անոր Վերականգնման Ուղին Իսրայէլի Հետ Երկխօսութիւնը Չէ»

Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նշեց. «Անհրաժեշտ կը նկատենք Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաքի ուշադրութեան յանձնել վտանգաւորութիւնը երէկ կատարած անոր յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ Լիբանանը որակեց իբրեւ ձախողած պետութիւն եւ ակնարկեց, թէ անոր վերականգնման ուղին Իսրայէլի հետ ուղղակի երկխօսութիւնն է. մօտեցում մը, որ կը վերյիշեցնէ շրջանի մասնատման եւ սահմաններու վերագծման յանկերգը, որ ամբողջովին մերժելի յանկերգ մըն է»:

«Լիբանանը, հակառակ իր խոր տագնապներուն, ձախող պետութիւն չէ, այլ` վիրաւոր պետութիւն մըն է, որ պատերազմներու, իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներէն, տնտեսական ու ելեւմտական ճգնաժամերէն եւ արտաքին միջամտութիւններէն ուժասպառ եղած է: Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր բազմակարծութեան համակարգին, անիկա եղած է եւ կը մնայ հարստութեան աղբիւր եւ ոչ թէ փլուզման պատճառ, այնքան ատեն որ լիբանանցիները ազատ ձգուած են իրենց ներքին գործերը իրենց ուժերու ներածին չափով` երկխօսութեան ու փոխըմբռնման միջոցով վերադասաւորելու», նշեց Խազեն:

«Միջազգային յարաբերութիւններուն նկատմամբ մեր յարգանքը յայտնելով հանդերձ Պարրաքին կը յիշեցնենք, թէ Լիբանանի ներքին խնդիրները պատասխանատուութիւնն են անոր սահմանադրական օրինական հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին, որոնք անկեղծ ջանք կը թափեն ազգային վստահութիւնը վերականգնելու եւ միախմբող փրկութեան երթի սկզբնաւորման համար», աւելցուց ան:

«Եթէ կայ Լիբանանին տրուելիք իսկական օգնութիւն մը, ապա ատիկա գրգռիչ կամ մասնակի մօտեցումներով կեցուածքներու արտայայտման ճամբով չ՛ըլլար, այլ Իսրայէլի վրայ լուրջ ճնշումի բանեցմամբ, որպէսզի անմիջապէս հեռանայ իր գրաւած հինգ կէտերէն, գերիները վերադարձնէ եւ յարգէ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու միջազգային օրինականութեան որոշումները, ինչպէս նաեւ դադրեցնէ յարձակումները, որոնք կայունութեան ու վերականգնման դիմաց մեծագոյն խոչընդոտն են», յայտնեց Խազեն:

 

Leave a Comment