Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան:
Աուն Մնասսայի հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զինուորականներու եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու ամսականներու հարցին` զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու համար ընթացող հաղորդակցութիւններու լոյսին տակ: