Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորականութեան պլոքի անդամներ Մոհամետ Սլէյմանը, Սաժիհ Աթիէն, Ահմետ Խէյրն ու նախկին երեսփոխան Հատի Հպէյշը եւ անոնց հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու շրջանային կացութեան զարգացումները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Աքքարի շրջանի կարիքներուն: Նախագահ Աուն վստահեցուց, որ միշտ կը հետեւի առողջապահութեան, կրթութեան եւ բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ շրջանի զաւակներուն պահանջներուն:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, թէ Քլէյաաթի մէջ «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանի թռիչքներու համար անհրաժեշտ քայլերու ամբողջացումէն անմիջապէս ետք օդակայանը բանալու պատրաստութիւնները ընթացքին մէջ են` նշելով, որ նախարարաց խորհուրդը վերջերս այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր որդեգրեց:
Նախագահ Աուն պատուիրակութեան յայտնեց խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու իր հաստատ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հեռացումէն եւ լիբանանեան բանակին մինչեւ հարաւային միջազգային սահմաններ տեղակայուելէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման ջանքերու աշխուժացումը:
Նախագահ Աուն պատուիրակութեան նաեւ վերահաստատեց. «Կառավարութեան որդեգրած զէնքի մենաշնորհման որոշումէն ետդարձ չկայ»:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ Մըլհեմ Ռիաշին եւ անոր հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներուն:
Ռիաշի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնեցի հանրապետութեան նախագահին, ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն»:
«Որեւէ յետաձգում, թէկուզ թեքնիք, պիտի չընդունինք, որովհետեւ անտեղի է», աւելցուց ան: