Պարրօ Այսօր Լիբանան Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ այսօր երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան կը հասնի:

Ան Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած շրջագայութեան ծիրին մէջ երէկ հասաւ Դամասկոս, ուր նշեց. «Կը կարծեմ, թէ քիւրտերուն եւ սուրիացիներուն միջեւ համաձայնութիւնը պիտի ամրապնդէ անոնց իրաւունքները եւ ամրապնդէ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարի մեր ջանքերը»:

«Մեր առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն է», ըսաւ ան` շեշտելով. «Սուրիացիներուն անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք, որպէսզի կառավարութիւնը իր աշխատանքը շարունակէ»:

Leave a Comment