Խրէյս. «Իրողական Գետնի Վրայ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրապարակած հաղոդագրութեան վերաբերեալ Ամալ շարժումի դիրքորոշումը ընդգծելով նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ոչ իսկ օր մը զինադադարը յարգեց: Երեսփոխանը «Ռիսալա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հեգնականը այն է, թէ իրողական գետնի վրայ զինադադար գոյութիւն չունի, որովհետեւ Իսրայէլ կը շարունակէ առօրեայ յարձակումներ գործել … Read more

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Առիթով. Աուն. «Այս Ոգեկոչումը Առիթ Է Ընդգծելու Հաւաքական Յիշողութեան, Արդարութեան Եւ Արժանապատուութեան Արժէքներու Ամրապնդման Կարեւորութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով յայտնեց. «Խոր ցաւով կը յիշենք այս մարդկային ողբերգութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛արժեւորենք դիմադրողականութեան ու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու իմաստները: «Լիբանանը ապահով ապաստան մը եղաւ հայերուն համար, ուր անոնք երկրորդ հայրենիք մը գտան, ուստի նպաստեցին անոր կառուցման ու բարգաւաճման` դառնալով անոր ազգային հիւսուածքին եւ հարուստ բազմազանութեան անբաժանելի մասը: «Յիշատակի այս … Read more

Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ Զինադադարի 36 Շաբաթով Երկարաձգումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի 23 ապրիլին Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպիի, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի եւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթերի միջեւ ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ Լիբանանի … Read more

Լրագրող Ամալ Խալիլ Զոհ Գնաց Իսրայէլեան Օդային Ուղղակի Յարձակումի

Լիբանանցի լրագրող Ամալ Խալիլ չորեքշաբթի օր զոհուեցաւ, երբ իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորուած կերպով յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ տան մը վրայ։ Ան լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթի Հարաւային Լիբանանի լրագրողն էր։ Օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւ մը Խալիլը հետապնդած է, եւ անոր դէմ երկու յարձակում գործած, առաջին յարձակումով հարուածած է ինքնաշարժը, իսկ երկրորդ յարձակումին՝ այն տունը, … Read more

Աուն. «Մեր Դեսպանը Վաղը Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Առաջարկէ Զինադադարը Երկարաձգել Եւ Իսրայէլի Կողմէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քանդման Գործողութիւնները Դադրեցնել»

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Ժողովրդավարական հանդիպում» երեսփոխանական պլոքէն պատուիրակութեան մը առջեւ յայտարարեց. «Ողջախոհ եւ հայրենասէր դիրքորոշումները անհրաժեշտ թիկունք կը կանգնին բանակցութիւններու հոլովոյթին, որ ընթացք պիտի առնէ զինադադարի հաստատումէն ետք, եւ կարեւոր է, որ լիբանանցիները հանդէս գան միասնական ազգային դիրքորոշումով` Իսրայէլի բանակցային պատուիրակութեան դէմ Լիբանանի բանակցային խումբը ամրապնդելու համար, որպէսզի իսրայէլեան պատուիրակութիւնը որեւէ ներքին տկարութիւն չշահագործէ իր … Read more

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Կը Նախատեսուի, Որ Ռուպիօ Միանայ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Այսօրուան Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն միանայ այսօր` հինգշաբթի օր արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու երկրորդ փուլին»: «Այս բանակցութիւնները կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթերի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա … Read more

Այսօրուան Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Սահեր. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Խաղաղութեան Ու Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Խոչընդոտը Հըզպալլան Է»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ խորքային տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները այսօր պիտի շարունակուին: «Գոյութիւն ունին Լիբանանի հետ սահմանին վերաբերեալ շարք մը պարզ տարակարծութիւններ, զորս կարելի է լուծել», աւելցուց Սահեր: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Հըզպալլան «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման առջեւ ծառացած … Read more

Նախագահ Աունին Ուղղուած Բաց Նամակի Մէջ. Շէյխ Քապալան. «Պոռոտախօսութիւնը Աղէտ Է , Իսկ Ինքնագլուխութիւնը Մեզ Կը Հասցնէ Աննախադէպ Անկումի»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Այն, ինչ որ Լիբանանի նախագահները Լիբանանի ստեղծումէն ի վեր չկրցան կրել, դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, որ դուք կարենաք զայն կրել: Այս փաստի անտեսումը ձեզ եւ երկիրը պիտի դնէ ամէնէն սարսափելի աղէտին մէջ, որ պիտի ոչնչացնէ այն, ինչ որ … Read more

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւնները Ո՛չ Զիջում, Ո՛չ Անձնատուութիւն Կը Նշանակեն, Այլ` Խնդիրներու Կարգաւորում»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Դիւանագիտութիւնը առանց արիւնի պատերազմ է, իսկ պատերազմը արիւնահեղութիւն, աւեր ու քանդում: Ուստի որոշուեցաւ ներքաշուիլ բանակցութիւններուն մէջ, որոնք հակառակորդներու միջեւ տեղի կ՛ունենան` շեշտելով իրաւունքներու պահպանումը եւ ամէնէն կարեւորը նախ եւ առաջ յարձակումներու դադրեցումը, իսրայէլեան հեռացումը, գերիներուն վերադարձը` տասնամեակներու վրայ եւ երկար տարիներ տեւած պատերազմներէ, մահէ եւ քանդումէ ետք խաղաղութիւն որոնելու համար»: … Read more

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ո՞վ ըսաւ, որ բանակցութեան դէմ ենք: Մենք հաստատօրէն անուղղակի բանակցութեան հետ ենք, նախապէս այդ առնչութեամբ շարք մը փորձառութիւններ ունինք, եւ ես անձնապէս երկարատեւ անուղղակի բանակցութիւններ կատարեցի ամերիկացի մեծաթիւ պատուիրակներու հետ, եւ անոնց վերջինը Էյմըս Հոքշթայնի հետ էր` ծովային սահմանագծման թղթածրարին շուրջ, եւ անոնց ընթացքին համաձայնութեան հասանք: Նոյնն է … Read more