Ըստ «Ժատիտ»-ի. Աունի Եւ Պըրրիի Միջեւ Յարաբերութիւններու Խզում Չկայ

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ յարաբերութիւններու խզում չկայ, եւ երէկ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը ամրապնդելն էր ներքին կացութիւնը, որ երկու անձնաւորութիւններուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը կը նկատուի»: «Նախագահ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութեան կապերը տակաւին բաց են, … Read more

Ֆատլալլա. «Պիտի Տապալենք Թշնամիի Ապահովական Գօտին Եւ Նոր Անթուան Լահտ Ստեղծելու Փորձը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա վերահաստատեց. «Թշնամիին մեր հողերուն վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու եւ շրջանին մէջ նոր Անթուան Լահտ ստեղծելու փորձը պիտի տապալենք` Դիմադրութեան զոհողութիւններով եւ մեր ժողովուրդի դիմադրողականութեամբ»: Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ անզէն քաղաքայիններու առօրեայ սպանութեան եւ սահմանամերձ մեր գիւղերու կանոնաւոր քանդումի պատկերին դիմաց, իշխանութիւնն … Read more

Պուխարի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց ներկայ կացութիւնը, Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւնները եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններու հոլովոյթին աջակցութիւնը: Պուխարի պատրիարքին փոխանցեց սէուտական ղեկավարութեան ողջոյնները` բարձր գնահատելով «Ռայի պատրիարքին ազգային եւ հոգեւոր դերակատարութիւն»: Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը շեշտեց. «Ներկայ փուլը կարիքը … Read more

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Տար Ֆաթուա

Պաշտպանութեան նախարար հազարապետ-զօրավար Միշել Մնասսա այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ եւ շեշտեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, նախարարաց խորհուրդի Պէյրութի մէջ բանակի ներկայութիւնը ամրապնդելու, զէնքը օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի տեղահանուած զաւակներուն օգնելու համար քայլերու որդեգրման շարունակութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը հանրապետութեան միւֆթիին հետ իր հանդիպումէն ետք … Read more

Այցելելով Շէյխ Խաթիպի` Պուխարի Քաղաքացիական Խաղաղութեան Ամրապնդման Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց

Շիիներու Իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանին մէջ ներկայ կացութիւններն ու երկրին մէջ յառաջիկայ փուլի հեռանկարները: Դեսպան Պուխարի կացութեան ապագային նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը յայտնեց` շեշտելով «Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, բան մը, որուն վրայ թագաւորութիւնը կը հիմնուի իր … Read more

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Զինադադարը Իւրայատուկ Է, Որովհետեւ Անոնք Պատերազմի Մէջ Չեն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը չափազանց իւրայատուկ է, որովհետեւ Լիբանանն ու Իսրայէլը պատերազմական վիճակի մէջ չեն: Իսրայէլի խնդիրը Հըզպալլայի հետ է, եւ ցաւօք կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ կը գտնուի` Իսրայէլի վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու համար»: Ռուպիօ այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Թէ՛ Իսրայէլը, … Read more

Սահեր. «Լիբանանի Մէջ Մեր Գործողութիւնները Պաշտպանողական Է»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց. «Հըզպալլային պիտի չարտօնենք իր ծրագիրները գործադրել, եւ Լիբանանի մէջ մեր գործողութիւնները պաշտպանողական են»: «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ ծաւալելու ախորժակներ չունի», նշեց ան: «Եթէ Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցը կազմաքանդուի, այդտեղ մեր զինուորական ներկայութեան անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ», շեշտեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:    

Աուն. «Առաջին Պահէն Ամերիկեան Կողմին Յայտնեցինք, Թէ Զինադադարը Հետագայ Որեւէ Բանակցութեան Անհրաժեշտ Առաջին Քայլ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Հասպայայի եւ Արքուպի պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին յայտնեց, որ իրենք առաջին պահէն իսկ ամերիկեան կողմին յայտնած են, թէ զինադադարը հետագայ որեւէ բանակցութեան անհրաժեշտ առաջին քայլ է, «եւ այդ կեցուածքը կրկնեցինք 14 եւ 23 ապրիլին դեսպաններու մակարդակով գումարուած երկու նիստերու ընթացքին, եւ ատիկա յստակ կերպով հաղորդուեցաւ առաջին նիստէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց … Read more

Ընդգծելով, Որ Իրենք Զէնքէն Պիտի Չհրաժարին. Շէյխ Քասեմ. «Իշխանութիւնը Չի Կրնար Գոյատեւել, Երբ Լիբանանի Իրաւունքները Կը Մսխէ, Հող Կը Զիջի Եւ Իր Դիմադրող Ժողովուրդին Դէմ Կը Կանգնի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Զոհաբերութեան, արժանապատուութեան եւ թշնամին պարտութեան մատնելու մթնոլորտին մէջ իշխանութիւնը շտապեց կատարելու ձրի, նուաստացուցիչ եւ ոչ հարկաւոր զիջումներ»: «Ուղղակի բանակցութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժենք, եւ իշխանութեան տէրերը թող իմանան, թէ իրենց վարմունքը Լիբանանին օգուտ պիտի չբերէ, եւ իրենց օգուտ պիտի չբերէ, որովհետեւ թշնամիին իրենցմէ ուզածը … Read more

Իսրայէլեան Օդուժը Զինադադարէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով Պեքայի Վրայ Յարձակումներ Գործեց

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք Պեքայի վրայ յարձակումներ գործեց: Իսրայէլեան բանակը կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ սկսած է Պեքայի եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններու մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցները յարձակումի ենթարկել: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Մաժտալ Սըլմ գիւղի մերձակայքին, Թըպնին եւ Քաֆրա … Read more