Լիբանանցի լրագրող Ամալ Խալիլ չորեքշաբթի օր զոհուեցաւ, երբ իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորուած կերպով յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Թիրի գիւղին մէջ տան մը վրայ։ Ան լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթի Հարաւային Լիբանանի լրագրողն էր։
Օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւ մը Խալիլը հետապնդած է, եւ անոր դէմ երկու յարձակում գործած, առաջին յարձակումով հարուածած է ինքնաշարժը, իսկ երկրորդ յարձակումին՝ այն տունը, ուր ապաստանած էր։ Դէպքին պատճառով վիրաւորուեցաւ անկախ լուսանկարիչ Զէյնապ Ֆարաժը, որ Ամալ Խալիլի հետ էր։
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին յայտարարեց․ «Իսրայէլի կողմէ լրագրողները ուղղակի կերպով թիրախաւորելու նպատակը Լիբանանի դէմ իր թշնամական արարքներուն իրականութիւնը թաքցնելն է»։
Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց․ «Լրագրողներու թիրախաւորումն ու անոնց շտապ օգնութեան ցուցաբերումը խոչընդոտելը, աւելի՛ն․ փրկարար խումբերուն հասնելէն ետք անոնց վայրը անգամ մը եւս հարուածելը, բացայայտ պատերազմական ոճիր են»։
«Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ այս ոճիրները միջազգային առնչակից հարթակներու վրայ հետապնդելու», շեշտեց վարչապետը։