Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Առիթով. Աուն. «Այս Ոգեկոչումը Առիթ Է Ընդգծելու Հաւաքական Յիշողութեան, Արդարութեան Եւ Արժանապատուութեան Արժէքներու Ամրապնդման Կարեւորութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով յայտնեց. «Խոր ցաւով կը յիշենք այս մարդկային ողբերգութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛արժեւորենք դիմադրողականութեան ու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու իմաստները:

«Լիբանանը ապահով ապաստան մը եղաւ հայերուն համար, ուր անոնք երկրորդ հայրենիք մը գտան, ուստի նպաստեցին անոր կառուցման ու բարգաւաճման` դառնալով անոր ազգային հիւսուածքին եւ հարուստ բազմազանութեան անբաժանելի մասը:

«Յիշատակի այս ոգեկոչումը առիթ մըն է ընդգծելու հաւաքական յիշողութեան պահպանման, արդարութեան ու արժանապատուութեան արժէքներու ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ աշխատանք տանելու ապագայի մը համար, ուր ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւն ու փոխադարձ յարգանք կը տիրէ:

«Կ՛ողջունենք հայ ժողովուրդը եւ կը հաստատենք Լիբանանի կառչածութիւնը առաքելութեան` իբրեւ ազատութեան ու բազմազանութեան հող, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծենք անոր հաւատքը, թէ յիշողութեան կառչիլը ողբերգութիւններու կրկնութիւնը արգիլելու աշխատանքին մէջ հիմնական սիւներէն մէկն է»:

Leave a Comment