Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւնները Ո՛չ Զիջում, Ո՛չ Անձնատուութիւն Կը Նշանակեն, Այլ` Խնդիրներու Կարգաւորում»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Դիւանագիտութիւնը առանց արիւնի պատերազմ է, իսկ պատերազմը արիւնահեղութիւն, աւեր ու քանդում: Ուստի որոշուեցաւ ներքաշուիլ բանակցութիւններուն մէջ, որոնք հակառակորդներու միջեւ տեղի կ՛ունենան` շեշտելով իրաւունքներու պահպանումը եւ ամէնէն կարեւորը նախ եւ առաջ յարձակումներու դադրեցումը, իսրայէլեան հեռացումը, գերիներուն վերադարձը` տասնամեակներու վրայ եւ երկար տարիներ տեւած պատերազմներէ, մահէ եւ քանդումէ ետք խաղաղութիւն որոնելու համար»:

Աուն Ժեզզին գաւառի երեսփոխաններու եւ քաղաքապետներու պատուիրակութիւնը ընդունելուն ընթացքին շեշտեց. «Բանակցութիւնները ո՛չ զիջում, ո՛չ ալ անձնատուութիւն կը նշանակեն, այլ խնդիրներու կարգաւորում, եւ կարեւոր է, որ լիբանանցիները ինքնին այս պահուն իրենց պետութեան կողքին կանգնին, երբ անոնք այս պատերազմներէն յոգնած են»:

«Պարտականութիւնս ու պատասխանատուութիւնս է ամէն ջանք թափել Լիբանանի համար անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

 

Leave a Comment