Խրէյս. «Իրողական Գետնի Վրայ Զինադադար Գոյութիւն Չունի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրապարակած հաղոդագրութեան վերաբերեալ Ամալ շարժումի դիրքորոշումը ընդգծելով նշեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը ոչ իսկ օր մը զինադադարը յարգեց:

Երեսփոխանը «Ռիսալա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հեգնականը այն է, թէ իրողական գետնի վրայ զինադադար գոյութիւն չունի, որովհետեւ Իսրայէլ կը շարունակէ առօրեայ յարձակումներ գործել եւ տուները գետնին հաւասարեցնել, բան մը, որ ուղղակիօրէն տեսանելի է:

Խրէյս ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յայտարարուած 21-օրեայ զինադադարը Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հարաւի մէջ Իսրայէլի կողմէ չգործադրուեցաւ:

Ան նշեց, որ կը կասկածի, թէ լիբանանեան պետութիւնը այդ յարձակումներէն տեղեակ է, եւ ան իսրայէլացի թշնամիին լիբանանցի ժողովուրդին դէմ, մասնաւորաբար հարաւի մէջ ոճիրներ գործելու արտօնութիւն տուած ըլլայ:

Ան պետութեան կոչ ուղղեց գործի լծուելու եւ հաղորդակցութիւններու ճամբով ճնշում բանեցնելու, որովհետեւ այսպէս կոչուած զինադադարը յստակ եւ բոլորին ծանօթ սուտ մըն է:

 

 

Leave a Comment