Էլիզէի Պալատէն Աղբիւր Մը. «Իսկական Մարտահրաւէրը Սահմաններու Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրագրման Համար Զինադադարի Ամրապնդման Ձեւն Է»

Ֆրանսայի նախագահական պալատէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ներկայիս կարեւորը զինադադարը պահպանելը, Հըզպալլային յարձակում գործել արգիլելն ու Իսրայէլի պատրուակ չտալն է»: «Ժամանակաւոր եւ փխրուն զինադադարը Ուաշինկթընի եւ միջազգային կողմերու Լիբանանի մէջ կացութեան կառավարման վերաբերեալ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ», նշած է աղբիւրը: Ֆրանսայի նախագահական պալատէն աղբիւրը շեշտած է. «Իսկական մարտահրաւէրը Սահմաններու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան … Read more

Սալամ. «Դիւանագիտութեան Ընտրանքը Տկարութիւն Չէ, Այլ` Ազգային Պատասխանատուութեան Արտայայտութիւն»

Վարչապետ Սալամ յայտնեց. «Դիւանագիտութեան ընտրանքը տկարութիւն չէ, այլ` արտայայտութիւն ազգային պատասխանատուութեան, որուն նպատակը մեր երկրի գերիշխանութեան վերականգնման համար որեւէ չփորձուած ուղի չձգելն է»: Ան այս մասին յայտարարեց Լիւքսամպուրկի մէջ: «Կառավարութիւնը կը ջանայ վերջ տալ բռնագրաւումին, երաշխաւորել մեր գերիներու ազատ արձակումը եւ ապահովել տեղահանուածներուն իրենց տուներ ու գիւղեր վերադարձը», նշեց Սալամ: «Զէնքի պետութեան մենաշնորհի ամրագրումը եւ … Read more

Քուփըր. «Զինադադարը Դէպի Լիբանան Ընդլայնելը Պահանջեցինք»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվեթ Քուփըր յայտարարեց, թէ իր երկիրը պահանջած է զինադադարը դէպի Լիբանան ընդլայնել: Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները շատ կարեւոր են: Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Պրովոսթ շեշտեց. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի դիրքորոշումը բացարձակապէս անընդունելի է»: Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես յայտարարեց. «Սպանիան, Սլովաքիան ու Իրլանտան Եւրոպական Միութենէն … Read more

Նախագահ Աուն. «Լիբանան – Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պիտի Վարէ Սիմոն Քարամի Գլխաւորութեամբ Պատուիրակութիւն Մը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Գերիշխանութեան ճակատ»-էն պատուիրակութիւն մը ընդունելով նշեց. «Լիբանան երկկողմանի բանակցութիւնները պիտի վարէ դեսպան Սիմոն Քարամի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը ճամբով, եւ ոչ ոք այս առաքելութեան մէջ Լիբանանի հետ մասնակից պիտի դառնայ կամ զայն փոխարինէ»: «Բանակցելու ընտրանքին նպատակը թշնամական արարքներու դադրեցումը, հարաւային շրջաններու իսրայէլեան բռնագրաւումի դադրեցումն ու բանակը մինչեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարաւային սահմաններ տեղակայումն … Read more

Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Բնակիչներ Զգուշացուց Այնտեղ Վերադառնալէ

Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու բնակիչները այդտեղ երթեւեկելէ` պնդելով. «Զինադադարի համաձայնութեան ժամանակաշրջանին իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքերու վրայ իր տեղակայումը ընդդէմ Հըզպալլայի գործունէութեան»: Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց, որ պէտք չէ երթեւեկել շարք մը գիւղերու գիծին վրայ կամ անոր մերձակայքը: Այդ գիւղերն են` Մազրաաթ Պույութ Սիատ, Մաժտալ Զուն, Զըպքին, Եաթեր, Սըրպին, … Read more

Պըրրի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Երկարաձգելու Ամերիկեան Ջանք Գոյութիւն Ունի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ուաշինկթընի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարը երկարաձգելու ջանք գոյութիւն ունի»: Ան մերժեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ծրագրած Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու հոլովոյթին նկատմամբ իր դիրքորոշումը յայտնել:  

Նեթանիահու Եւ Սահեր Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քրիստոսի Արձանի Կոտրման Համար Ներում Կը Հայցեն

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր արձագանգած է իսրայէլացի զինուորի մը կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ Յիսուս Քրիստոսի արձանը կոտրելու դէպքին` զայն որակելով «վտանգաւոր եւ ամօթալի»: Ան այս մասին յայտարարած է «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով: «Իսրայէլեան բանակի զինուորի մը կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ քրիստոնէական կրօնական խորհրդանիշի վնաս հասցնելը վտանգաւոր ու ամօթալի է», նշեց ան: «Կը գնահատեմ … Read more

Ռաատ. «Իր Սեփական Ազգային Խաղաղութեան Իրականացումը Յառաջ Չմղող Եւ Ուրիշներու Խաղաղութեան Ենթարկուող Իշխանութիւնը Իրաւունք Չունի Դիմադրութիւնը Մեղադրելու Ուրիշի Պատերազմը Մղելու Մէջ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Դիմադրութիւնը որեւէ ազգային պատկանելիութենէ զրկելու փորձը կրնայ դրդապատճառ կամ արդարացում հանդիսանալ, նոյնիսկ որոշ չափով, ուղղակիօրէն զայն մեղադրելու այլ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու կամ երկիրներու նպատակներուն ծառայելու մէջ` հայրենիքի շահերուն սպառնալով եւ երկիրը իր շահերուն ու նպատակներուն ծառայելու համար օգտագործելով, Դիմադրութեան մարտիկներու … Read more

Ժահժահ. «Նախագահ Աունի Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումը Անհրաժեշտ Է»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լիբանան կարիքը ունի Իսրայէլի պատերազմին վերջ տալու եւ ոչ թէ պարզապէս զինադադարով բաւարարուելու: Ան նշած է, որ ներկայ փուլը տագնապի կարգաւորման համար քաղաքական ուղղակի քայլերու կը կարօտի: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Ժահժահ ըսած է, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի … Read more

Խալիլ. «Կ՛ուզենք Միացեալ Եւ Յստակ Դիրքորոշում Մը, Որ Չի Հակասեր Գերիշխանութեան»

Խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ Իսրայէլ ամէն օր կը գործէ զինադադարը խախտելով` գետնի վրայ կատարուած իրողութիւն ստեղծելու համար` շրջանցելով երաշխիքներու, նկատառումներու եւ յանձնառութիւններու մասին բոլոր խօսքերը: «Մենք ամենայն յստակութեամբ կը մերժենք որեւէ տարազ, որ կը նսեմացնէ այն իրականութիւնը, թէ այս զինադադարը գոյացաւ շրջանային ջանքի, համաձայնութեան … Read more