Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ Զինադադարի 36 Շաբաթով Երկարաձգումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի 23 ապրիլին Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպիի, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի եւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթերի միջեւ ժողովէն ետք յայտարարեց, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը 3 շաբաթով պիտի երկարաձգուի:

Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի վրայ իր գրառումին մէջ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Լիբանանի հետ աշխատանք պիտի տանին ինքզինք Հըզպալլայէն պաշտպանելու համար անոր օգնելու համար»:

«Անհամբեր կը սպասեմ մօտիկ ապագային հիւրընկալելու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը», եզրափակեց ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը նիստէն առաջ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մեծ առիթի մը առջեւ կը գտնուինք»:

«Իրան պէտք է Հըզպալլայի ֆինանսաւորումը դադրեցնէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Լիբանանի նախագահը կրնայ յառաջիկայ 3 շաբթուան ընթացքին Իսրայէլի վարչապետին հետ հանդիպիլ»:

Ռուպիօ ըսաւ, թէ Լիբանան «Հըզպալլայէն շատ տառապեցաւ»` աւելցնելով. «Լիբանանն ու Իսրայէլը խաղաղութիւն կ՛ուզեն»:

Վանս իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի երկարաձգումը «պատմական պահ է»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ուրբաթ յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատմական խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթ սկսանք, եւ Հըզպալլան կը փորձէ զայն խոչընդոտել»:

Իսրայէլեան «Այ24» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «կը նախատեսուի, որ Նեթանիահուն շուրջ 2,5 շաբաթ ետք, 11 մայիսին սկսող շաբթուան մէջ Ուաշինկթըն ճամբորդէ` ներկայ գտնուելու Թրամփի եւ Լիբանանի նախագահին հետ վեհաժողովին, եւ այցելութիւնը կախեալ է ապահովական կացութենէն եւ կռիւը չվերսկսելէն»:

Leave a Comment