Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Այն, ինչ որ Լիբանանի նախագահները Լիբանանի ստեղծումէն ի վեր չկրցան կրել, դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, որ դուք կարենաք զայն կրել: Այս փաստի անտեսումը ձեզ եւ երկիրը պիտի դնէ ամէնէն սարսափելի աղէտին մէջ, որ պիտի ոչնչացնէ այն, ինչ որ ո՛չ Իսրայէլը, ո՛չ ալ Ամերիկան կրնան կուլ տալ կամ բռնագրաւել:
«Այստեղ խնդիրը կարծիք յայտնելը կամ քաղաքական ընդդիմութիւնը չէ, այլ ազգային խրամատներու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը, անոր ինքնութիւնը եւ զայն սիոնացման նախագիծերու դէմ պաշտպանելու համար:
«Այստեղ սխալը 17 մայիսը չէ, այլ հազար անգամ աւելի վտանգաւոր բան մը: Յոյսով եմ` դուք պիտի խուսափիք այս մեղքին մէջ իյնալէն, որովհետեւ անիկա ձեր երկիրը պիտի այրէ, եւ ատոր հետ մէկտեղ Լիբանանի պատմական տարազը պիտի աւարտի, եւ ո՛չ Թաէֆը, ո՛չ ալ որեւէ այլ բան պիտի մնայ:
«Ես չեմ կարծեր, որ դուք պիտի ընդունիք այս ժառանգութիւնը կամ այս արդիւնքը: Ես յոյս կը դնեմ ձեր ազգային խիղճին վրայ, սակայն կը վախնամ ձեր որոշ խորհրդականներէն», ըսաւ ան:
«Պատմութեան եւ ժամանակակից պատմութեան տրամաբանութեան համաձայն, սիոնական գոյացութեան հետ գործ ունենալը ո՛չ հերոսութիւն է, ո՛չ ալ քաջութիւն, որովհետեւ շատերը, որոնք նման քաջութեամբ գործած են, հետագային զղջացած են անոր համար, սակայն անոնց զղջումը եղած է միայն այն բանէն ետք, երբ իրենց հայրենիքները այրած են եւ երկիրները ոչնչացած:
«Այսօր երկիրը կ՛ապրի ազգային մեծ ճգնաժամ, եւ պոռոտախօսութիւնը աղէտ է, եւ ինքնագլուխութիւնը մեզ կը տանի աննախադէպ անկումի: Այսօր ունինք մէկ երկիր` մէկ ազգային շահով, մէկ հայրենիքի մէջ, որ մեզի համար թանկ է իր ներքին կարելիութիւններու, եւ ոչ թէ Ուաշինկթընի կարելիութիւններու եւ երեսպաշտութեան շնորհիւ: Այն, ինչ որ Դիմադրութիւնը այս առումով ըրած է, աշխարհի վրայ ամէնէն հազուագիւտն է: Այն, որուն Իսրայէլը չէր կրցած պատերազմի միջոցով հասնիլ, ոչ ոք կրնայ հասնիլ քաղաքականութեան միջոցով:
«Զինադադարի իրականութիւնը սպառնալիքի տակ է, եւ Դիմադրութիւնը ներկայ է առաջնագիծի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ: Ատիկա երաշխիքն է` մեր ազգային բանակի եւ մեր պատուական ժողովուրդի հետ միասին, այլ ոչ թէ քաղաքական անձնատուութիւնը կամ Ուաշինկթընի մէջ հիասթափութեան պատկերը: Լուծումը ազգային համերաշխութեան մէջ է, եւ այս ազգային շրջանին ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան միասնութիւնը, գերիշխանութիւնը` Լիբանանը Թել Աւիւի նախագիծերու դաւաճանութենէն պաշտպանելու համար:
«Ձեր ընտրութիւնները կրնան Լիբանանը դնել պատմական ազգային համերաշխութեան կամ կործանարար պառակտման ընտրանքներուն միջեւ, եւ ես չեմ կարծեր, որ դուք առաջինի փոխարէն վերջինը պիտի ընտրէք», գրեց շէյխ Քապալան: