Այսօրուան Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Սահեր. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Խաղաղութեան Ու Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Խոչընդոտը Հըզպալլան Է»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ խորքային տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները այսօր պիտի շարունակուին:

«Գոյութիւն ունին Լիբանանի հետ սահմանին վերաբերեալ շարք մը պարզ տարակարծութիւններ, զորս կարելի է լուծել», աւելցուց Սահեր:

Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Հըզպալլան «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման առջեւ ծառացած խոչընդոտն է»:

Սահեր լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց գործակցելու` «Լիբանանի հողերուն վրայ Հըզպալլայի կառուցած ահաբեկչական պետութեան դէմ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իրանի հետ աճող լարուածութեան եւ Լիբանանի հետ մօտալուտ բանակցութիւններու լոյսին տակ, Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպիէն պահանջուած է անմիջապէս Ուաշինկթըն վերադառնալ:

 

Leave a Comment