Նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Ժողովրդավարական հանդիպում» երեսփոխանական պլոքէն պատուիրակութեան մը առջեւ յայտարարեց. «Ողջախոհ եւ հայրենասէր դիրքորոշումները անհրաժեշտ թիկունք կը կանգնին բանակցութիւններու հոլովոյթին, որ ընթացք պիտի առնէ զինադադարի հաստատումէն ետք, եւ կարեւոր է, որ լիբանանցիները հանդէս գան միասնական ազգային դիրքորոշումով` Իսրայէլի բանակցային պատուիրակութեան դէմ Լիբանանի բանակցային խումբը ամրապնդելու համար, որպէսզի իսրայէլեան պատուիրակութիւնը որեւէ ներքին տկարութիւն չշահագործէ իր նպատակներուն հասնելու համար»:
«Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ – Մուաուատ վաղը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նախատեսուած նախապատրաստական ժողովին պիտի ներկայացնէ Լիբանանը եւ արծարծէ զինադադարը երկարաձգելու եւ հարաւային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ Իսրայէլի քանդումի գործողութիւնները դադրեցնելու հարցը», նշեց նախագահը:
«Սպասուող բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի ուղղուածութիւնը յստակ է` ո՛չ զիջումին, ո՛չ սակարկութեան, եւ ընդունիլ միայն այն, ինչ որ կ՛իրականացնէ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու բոլոր լիբանանցիներուն շահը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Բանակցութեան ընտրանքը որդեգրեցի, որովհետեւ անցեալի փորձառութիւնները մեզի սորվեցուցին, թէ պատերազմները միայն սպանութեան, քանդումի եւ տեղահանութեան կը յանգեցնեն, եւ գիտէի, որ ոմանք դէմ պիտի ըլլան, կասկածի տակ պիտի առնեն եւ ամբաստանութիւններ պիտի ուղղեն, սակայն վստահ եմ, որ ասիկա Լիբանանի եւ անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն համար լաւագոյնն է», ըսաւ ան:
«Ես տեւական կապի մէջ եմ Նեպիհ Պըրրիի, Նաուաֆ Սալամի, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ շարք մը լիբանանեան ղեկավարներու հետ` հետեւելու հաղորդակցութիւններուն, զորս կը կատարեմ զինադադարի ամրապնդման համար եւ ապահովելու յարմար մթնոլորտ, որ Լիբանանի ընտրանքը կը պաշտպանէ, որովհետեւ ներկայ փուլը կը պահանջէ իրատեսութիւն, իմաստութիւն, ողջախոհութիւն եւ լիբանանեան իրավիճակին գիտակցութիւն, եւ բոլորը պէտք է ձգտին այս ուղղութեան` նպաստելու տառապանքներու դադրեցման ընդհանուր առմամբ Լիբանանի եւ մասնաւորաբար անոր հարաւին մէջ, որուն հողը 1969 թուականէն մինչեւ այսօր ականատես եղած է պատերազմներու, որոնք յանգեցուցած են ողբերգութիւններու եւ տառապանքներու, որոնց հետեւանքներուն մենք մինչեւ օրս ականատես կ՛ըլլանք», յայտնեց Աուն:
«Քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը կը գիտակցի փուլի զգայուն ըլլալուն եւ ուժեղ կերպով դէմ կը կանգնի սադրանքին ու այն ամէն ինչին, որ կը վնասէ երկրին մէջ քաղաքացիական խաղաղութեան», աւելցուց նախագահը:
«Պետութիւնը կը զբաղի տեղահանուած անձերու խնդիրով եւ աշխատանք կը տանի զանոնք վերադարձնել իրենց գիւղաքաղաքները եւ գիւղերը` անվտանգութեան պայմաններուն համապատասխան: Պետութիւնը նաեւ կ՛աջակցի հարաւցիներուն, որոնք անսասան մնացած են իրենց գիւղերուն մէջ եւ կառչած եղած են իրենց հողին, եւ անոնց հետ շարունակական կապ կը հաստատուի` անոնց ապահովելու համար տոկալու միջոցներով», նշեց նախագահ Աուն` ընդգծելով. «Պատասխանատուութիւնը հասարակաց է, որովհետեւ բոլորս մէկ նաւակի վրայ ենք, եւ մենք պէտք է զայն առաջնորդենք դէպի անվտանգութեան ափ, եւ ասիկա համապարփակ ազգային խնդիր է, եւ ոչ թէ մէկ անհատի պատասխանատուութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան հանրապետութեան նախագահն է»:
Ըստ «Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան, Լիբանան Ուաշինկթընի ժողովի ընթացքին պիտի պահանջէ զինադադարը 20-էն 40 օր երկարաձգել, եւ Իսրայէլի կողմէ քանդումի եւ ականահարման գործողութիւնները դադրեցնել:
Նախագահը աւելի ուշ Պաապտայի պալատին մէջ ապահովական ժողովի մը նախագահելուն ընթացքին կոչ ուղղեց խստացնելու զէնքի թաքստոցներ պարունակող վայրերուն մէջ իրականացուող խուզարկութիւնները` աւելցնելով. «Ապահովական քայլերու գործադրութիւնը խոչընդոտելը անընդունելի է»: