Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ո՞վ ըսաւ, որ բանակցութեան դէմ ենք: Մենք հաստատօրէն անուղղակի բանակցութեան հետ ենք, նախապէս այդ առնչութեամբ շարք մը փորձառութիւններ ունինք, եւ ես անձնապէս երկարատեւ անուղղակի բանակցութիւններ կատարեցի ամերիկացի մեծաթիւ պատուիրակներու հետ, եւ անոնց վերջինը Էյմըս Հոքշթայնի հետ էր` ծովային սահմանագծման թղթածրարին շուրջ, եւ անոնց ընթացքին համաձայնութեան հասանք: Նոյնն է պարագան Կապոյտ գիծին շուրջ տարակարծութեան նիւթ եղող կէտերու հարցով, մենք կրցանք անոնց մեծամասնութիւնը վճռել, եւ միայն 5 կամ 6 կէտ մնաց, նոյնն էր պարագան Տէյվիտ Ուելշի հետ թիւ 1701 որոշումի պատրաստութեան ժամանակներուն: Նաեւ բանակցութեան իբրեւ ծիր «Մեքանիզմ»-ը ունինք»:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հարաւին մէջ յայտարարած «Դեղին գիծ»-ին, Պըրրի ընդգծեց. «Դեղին գիծեր, Կարմիր գիծեր, կանաչ գիծեր, եւ որեւէ գոյնով գիծեր չկան: Որեւէ գիծ մեզ չի հետաքրքրեր, աւելի՛ն, ատիկա որեւէ պարագայի չենք կրնար ընդունիլ: Իր ներթափանցած ու անոնց բռնագրաւումը ամրապնդել փորձած շրջաններէն Իսրայէլի հեռացումը պէտք է տեղի ունենայ, եւ եթէ բռնագրաւումը պահէ, ըլլայ այդ շրջաններու, դիրքերու կամ իր գծած Դեղին գիծերու ճամբով, ապա կը նշանակէ, թէ Դիմադրութեան պիտի արժանանայ»:

«Ասիկա լիբանանեան հող է, եւ Լիբանանը իրմէ մէկ մեթրի կորուստին չի տոկար: Եթէ մնալու վրայ պնդեն, ապա դիմադրութեամբ պիտի դիմակայուին, եւ մեր պատմութիւնը ատոր վկան է», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան բռնագրաւումն է, որ իրենց պարտադրած է դիմադրել, ազատագրել եւ երկրին գերիշխանութիւնը պահպանել:

«Մեզի համար ոչ մէկ բան փոխուեցաւ: Մենք մեր այս դիրքորոշման վրայ հաստատ կը մնանք, մինչեւ որ բռնագրաւումը վերջ գտնէ եւ մեր հողէն դուրս բերուի», նշեց Պըրրի:

 

Leave a Comment