«Մեր Պահանջը Մեր Գերիշխանութեան Վրայ Ամէն Տեսակի Յարձակում Դադրեցնելն Է» Կ՛ըսէ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար դեսպանատուներուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղիները չդադրեցուցին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոճիրները, լիբանանեան կառավարութիւնն ու զինադադարի համաձայնութեան հովանաւորները անկարող եղան Իսրայէլին զայն գործադրել պարտադրել, իսկ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը` Մեքանիզմը դիտաւորեալ կերպով չկատարեց իր դերը: Երեսփոխանական պլոքը նշեց, որ իր երկրին գերիշխանութեան, … Read more

Էրտողան Թրամփը Յորդորած Է Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վատթարացումը Արգիլելու Քայլեր Որդեգրելու

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ողջունած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի երկարաձգումը եւ համոզում յայտնած, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները կարելի է լուծել: Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Մեր … Read more

Սալամ. «Բանակցութիւնը Պատերազմին Վերջ Տալու Դուռն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ, իր որդեգրած որեւէ որոշումէն ետդարձ պիտի չկատարէ եւ յառաջ կ՛ընթանայ հաստատութենական ծրագիրով` երկիրը իր կացութենէն փրկելու համար: «Յանձնառու ենք ազգային սկզբունքներուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ լիբանանցիներուն մեր խոստացածին», նշեց Սալամ: «Այսուհետեւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք բոլորը ներառող պետութիւնը … Read more

Մէկէ Աւելի Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Եւ Սադրանքի Հրահրումի Լոյսին Տակ. Համաներումի Օրինագիծի Վաւերացման Այսօրուան Խորհրդարանական Նիստը Ջնջուեցաւ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ համաներման եւ կարգ մը պատիժներ արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծի նպատակը «իրաւական արդարութեան սկզբունքի վերականգնումն ու անհատներու ազատութեան երաշխաւորումն է»: «Հակառակ խորհրդարանի շրջանակներու եւ միացեալ յանձնախումբերու կողմէ թափուած ջանքերուն` հասնելու ազգային համաձայնութեան, որ միաւորման նշան պիտի ըլլար երկրին մէջ, որ խիստ կարիքը ունի համերաշխութեան եւ համաձայնութեան, մէկէ աւելի … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Նալպանտեանը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Մարիա Նալպանտեանը: Նալպանտեան ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին նախարարին ներկայացուցի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ անոր գործակցած միջազգային կողմերուն պարտականութիւնը, աշխատանքներն ու ծրագիրները: Զրոյցը կեդրոնացաւ երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան շուրջ, որուն վրայ կ՛աշխատի նախարար Պայրագտարեանը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ անհրաժեշտ վիճակագրութիւններու տրամադրման, … Read more

Սալամ. «Զինադադարի Ամրապնդման Ջանքերուն Մէջ Նախկինէն Աւելի Ամերիկեան Ներքաշուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, պատասխանելով «Ասաս» կայքի այն հարցումին, թէ որքա՞ն վստահութիւն գոյութիւն ունի 45-օրեայ երկարաձգումէն ետք իրողական զինադադարի հաստատման ջանքերուն նկատմամբ, յայտնեց. «Նորութիւնը այն է, որ զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն մէջ նախկինէն աւելի ամերիկեան ներքաշուածութիւն գոյութիւն ունի»: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումին եւ լիբանանեան բանակին այդ շրջանները ձեռք առնելու  ապահովական քայլերու փոխադարձութեան գաղափարին` վարչապետը նշեց. «Այս … Read more

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Յետ Բարեփոխման Որդեգրեց Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը երէկ յետ բարեփոխման որդեգրեց համաներումի օրինագիծը: Այս մասին հաղորդեց «Էլ.Պի.Սի.»-ն: Որդեգրուած բարեփոխումներուն համաձայն, մահապատիժը վերածուեցաւ 28 բանտային տարուան, ցկեանս բանտարկութիւնը` 18 բանտային տարուան, առանց դատավճիռի 14 բանտային տարիներ կալանաւորուածներուն պատիժը կը նուազեցուի մէկ երրորդի: Իսրայէլ հեռացուածներուն վերաբերեալ որդեգրուեցան 2011 թուականին հրապարակուած թիւ 194 օրէնքի վճիռները, որոնք ի զօրու նկատուեցան: Ներում կը … Read more

Ռաատ. «Իշխանութեան Խումբը Գործնականին Մէջ Որդեգրած Է Դիմադրութեան Դէմ Բռնագրաւումի Թեզը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Լիբանանի եւ թշնամիին միջեւ բանակցութիւններու փուլերուն հաստատած ճշմարտութիւնը այն է, որ իշխանութեան խումբը գործնականին մէջ որդեգրած է Դիմադրութեան վերաբերեալ բռնագրաւումին թեզը: Այդ հիմամբ ալ պիտի կարգաւորէ ներքին քաղաքական կացութիւնը` մեկնելով անկէ, թէ լիբանանցիները կ՛ընդունին բռնագրաւումին հետ համակեցութիւնը, իրենց իշխանութեան … Read more

Ֆատլալլա. «Եթէ Ամերիկացիները Ստեղծեն Բանակ Մը, Որուն Նպատակը Հըզպալլայի Դէմ Կռուիլն Է, Անոր Դէմ Պիտի Կռուինք, Ինչպէս Իսրայէլեան Բանակին Դէմ Կը Կռուինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Հըզպալլան մեզի պարտականութիւն տուաւ Պաապտայի պալատին հետ կապ հաստատելու: Նոր «Անթուան Լահտ» ստեղծելու ամերիկեան-սիոնական որեւէ փորձի դէմ պիտի դնենք, ինչպէս դէմ կը դնենք բռնագրաւումին եւ անոր գործակալներուն»: «Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւններու խզում չկայ եւ անոր հետ կապ հաստատելու արգելք չկայ», նշեց երեսփոխանը: «Ոչ ոք կ՛երեւակայէ, թէ մեր … Read more

Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անընդունելի բաց գոյութիւն ունի գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող կարողութիւններու եւ մեր լսածին միջեւ լիբանանեան կառավարութենէն, որ ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն` բանակցութիւններու, եւ կը խօսի էական ու կարեւոր հարցերու շուրջ: Մենք չենք կրնար վստահիլ իսրայէլեան բանակէն բացի ոեւէ մէկուն»: «Այս է իրողութիւնը. ո՛չ … Read more