Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ համաներման եւ կարգ մը պատիժներ արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծի նպատակը «իրաւական արդարութեան սկզբունքի վերականգնումն ու անհատներու ազատութեան երաշխաւորումն է»:
«Հակառակ խորհրդարանի շրջանակներու եւ միացեալ յանձնախումբերու կողմէ թափուած ջանքերուն` հասնելու ազգային համաձայնութեան, որ միաւորման նշան պիտի ըլլար երկրին մէջ, որ խիստ կարիքը ունի համերաշխութեան եւ համաձայնութեան, մէկէ աւելի շրջաններու մէջ տեղի ունեցածին եւ անոր ուղեկցած համայնքային ու կրօնական հրահրումներուն պատճառով որոշուեցաւ վաղուան նիստը համաձայնութեան կարգախօսով յետաձգել այլ թուականի», նշեց գրասենեակը: