Պըրրի. «Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Իսկական Զինադադար Կնքել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն բացի ոչ ոք կրնայ իսկական զինադադար կնքել, եւ ան ատոր միակ ուղին է»: Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլան դրական տրամադրուած է իսկական զինադադարի մը նկատմամբ, եւ միայն Թրամփ կրնայ Իսրայէլը մղել զայն յարգելու: «Մեր կարիք ունեցածը զինադադարն է, ատոր շուրջ համաձայնութիւնը Իրանէն … Read more

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներէն եւ մեր քաղաքներուն ու քաղաքացիներուն վրայ յարձակումներէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ գործակցաբար իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»: Քաց իր կարգին նշեց. «Ես եւ Նեթանիահուն իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուինք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ … Read more

Իսրայէլեան Բանակը Վերագրաւեց Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան բանակը 2000 թուականին Հարաւային Լիբանանէն հեռանալէն 26 տարի ետք վերագրաւեց Նապաթիէի Առնուն շրջանին մէջ գտնուող Շքիֆի ամրոցը, եւ անոր վրայ բարձրացուց Իսրայէլի դրօշը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի Շքիֆի բարձունքներուն եւ Սլուքի հովիտի շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան ձեռնարկեցինք: «Գործողութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութեան ամրապնդման եւ Գալիլիոյ ու Մթըլլէ գիւղին դէմ … Read more

Փենթակոն. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Պատուիրակութիւններու Բանակցութիւններուն Արդիւնքները Պիտի Նպաստեն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ղեկավարած Քաղաքական Հոլովոյթին»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, թէ պատերազմի նախարարութեան քաղաքական հարցերու յանձնակատարը հիւրընկալած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները` սկսելու համար ապահովական հոլովոյթ մը, որուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն աջակցիլն է: Փենթակոն նշեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները ձեռնարկած են զինուորական «արդիւնաւէտ» բանակցութիւններու, որոնք կեդրոնացած են շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան շրջագիծերու կառուցման վրայ: Նախարարութիւնը աւելցուց, … Read more

Փարիզ Լիբանանի Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Ժողով Պահանջեց

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջեցի, որովհետեւ եթէ Իսրայէլի, ինչպէս որեւէ այլ երկրի, պաշտպանութեան եւ Հըզպալլայի յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը կը ճանչնանք, ոչինչ կ՛արդարացնէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու ընդարձակումն ու լիբանանեան հողերէն լայնածաւալ տարածքներու բռնագրաւումը»: Պարրօ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ մեծ … Read more

Սալամ. «Բանակցութիւնները Անձնատուութիւն Չեն, Այլ Մեր Երկրին Համար Նուազագոյն Գինը Ունեցող Ընտրանքը»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այն, ինչ որ տեսանք, պարզապէս իսրայէլեան բռնագրաւումի ընդլայնում եւ շրջանցում չէ, որովհետեւ Իսրայէլ որոշ դիրքեր չի թիրախաւորեր, այլ ամբողջական քանդման քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»: «Այն, ինչ որ Իսրայէլ կը կատարէ, միայն Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարում չէ, այլ պատմութեան ջնջման գործողութիւն», նշեց վարչապետը: «Հարաւային Լիբանանի մեր … Read more

Պայրագտարեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը Վատիկանէն անոր վերադարձին առիթով: Պայրագտարեան վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց քառօրեայ այցելութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անոր թափած ջանքերուն համար, որոնք Վատիկանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր օրաթերթերու ուշադրութեան կեդրոնը դարձան:

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքը Մեր Ձեռքը Պիտի Մնայ, Մինչեւ Որ Լիբանանեան Պետութիւնը Կարենայ Իր Պարտականութիւնը Կատարել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Զինաթափումը Լիբանանի պաշտպանական կարողութեան խլում է` ճամբան հարթելով բնաջնջումին, եւ ատիկա չենք կրնար ընդունիլ: Զէնքը մեր ձեռքը պիտի մնայ, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ իր պարտականութիւնը կատարել, եւ ամէն ոք, որ մեր դէմ կը կանգնի, անոր դէմ պիտի … Read more

Ուաշինկթըն «Խաղաղութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտելնուն» Համար 9 Լիբանանցիներու Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարարութեան օտար դրամատնային հաշիւներու հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառած է Լիբանանէն 9 անձեր` «Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու եւ Հըզպալլայի զինաթափումը խոչընդոտելու յանցանքով»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի համակիր այս պաշտօնատարները կը ներառեն անհատներ, որոնք ներթափանցած են Լիբանանի մէջ խորհրդարանի, բանակի եւ ապահովական մարմիններու մէջ, ուր աշխատանք կը տանին պահպանելու լիբանանեան … Read more

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ. Հայքալ. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ Անառիկ Պատնէշը Ընդդէմ Ներքին Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան Քայքայման Սադրանքներուն»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով բանակայիններուն յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Մեր հայրենիքի դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ կը նշենք Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը` հայրենասիրական փուլ մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ձգեց լուսաւոր հետք մը, որովհետեւ կը մարմնաւորէ լիբանանցիներուն իրենց հողին, գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան կառչածութիւնը ընդդէմ իսրայէլեան բռնագրաւումին»: … Read more