Սալամ. «Զինադադարի Ամրապնդման Ջանքերուն Մէջ Նախկինէն Աւելի Ամերիկեան Ներքաշուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, պատասխանելով «Ասաս» կայքի այն հարցումին, թէ որքա՞ն վստահութիւն գոյութիւն ունի 45-օրեայ երկարաձգումէն ետք իրողական զինադադարի հաստատման ջանքերուն նկատմամբ, յայտնեց. «Նորութիւնը այն է, որ զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն մէջ նախկինէն աւելի ամերիկեան ներքաշուածութիւն գոյութիւն ունի»:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումին եւ լիբանանեան բանակին այդ շրջանները ձեռք առնելու  ապահովական քայլերու փոխադարձութեան գաղափարին` վարչապետը նշեց. «Այս գաղափարը սեղանի վրայ է, սակայն տակաւին չէ յստակացուած»:

Leave a Comment