Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անընդունելի բաց գոյութիւն ունի գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող կարողութիւններու եւ մեր լսածին միջեւ լիբանանեան կառավարութենէն, որ ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն` բանակցութիւններու, եւ կը խօսի էական ու կարեւոր հարցերու շուրջ: Մենք չենք կրնար վստահիլ իսրայէլեան բանակէն բացի ոեւէ մէկուն»:

«Այս է իրողութիւնը. ո՛չ ՖԻՆԻՒԼ-ը, ո՛չ միջազգային ուժերը, ո՛չ եւրոպական ուժերը, ո՛չ իսկ լիբանանեան կառավարական ուժերը. անոնք պարզապէս անկարող են բան մը ընելու: Հըզպալլան հեռացնելու կարող միակ կողմը իսրայէլեան բանակն է», նշեց Տանոն` աւելցնելով. «Ասիկա պէտք է ընդունինք, եւ մենք այդ մէկը կը յստակացնենք Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր բարեկամներուն»:

Պատասխանելով զինուորական գործողութիւնները ամբողջովին դադրեցնելու ժամկէտին մասին հարցումի մը` Իսրայէլի դեսպանը նշեց. «Այդ որոշումը իսրայէլեան կառավարութեան կը պատկանի` ճշդելու համար, եթէ գործողութիւնները պիտի ընդլայնենք եւ աշխուժացնենք»:

«Ներկայիս ուժերու տարողութեան իմաստով զինուորական ուժեղ ու մեծ ներկայութիւն ունինք, եւ այդ շրջանին մէջ կը գործենք: Պէտք է գիտակցինք, թէ ի վերջոյ Լիբանանի մէջ հանդարտութիւն պիտի չըլլայ, քանի դեռ Հըզպալլան գետնի վրայ այդտեղ ներկայ է», ըսաւ ան:

«Իրականութեան մէջ, մենք կ՛օգնենք լիբանանեան կառավարութեան, որ մեզ կ՛ամբաստանէ Լիբանանի մէջ հողերու բռնագրաւման յանցանքով: Ես անոնց կ՛ըսեմ` կը ներէ՛ք, մենք լիբանանեան կառավարութեան կ՛օգնենք ընելու այն, ինչ որ մինչեւ հիմա չըրաւ` իր գերիշխանութեան համար կռուելու` այն յոյսով, որ կու գայ օր մը եւ այդտեղ իրողական գերիշխանութիւն կ՛ունենայ», յայտնեց Տանոն:

 

 

Leave a Comment