Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Մարիա Նալպանտեանը:
Նալպանտեան ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին նախարարին ներկայացուցի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ անոր գործակցած միջազգային կողմերուն պարտականութիւնը, աշխատանքներն ու ծրագիրները:
Զրոյցը կեդրոնացաւ երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան շուրջ, որուն վրայ կ՛աշխատի նախարար Պայրագտարեանը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ անհրաժեշտ վիճակագրութիւններու տրամադրման, զորս նախարարութիւնը պահանջեց, ինչպէս նաեւ այդ առումով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը:
Համաձայնութիւն գոյացաւ մօտ օրէն նախարարին, Նալպանտեանին եւ նշեալ ռազմավարութեան պատասխանատու միջազգային փորձագէտ դոկտ. Սոհէյլ Մարինի միջեւ հանդիպում կայացնելու շուրջ:
Նշենք, որ նախարարութիւնը երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան վրայ աշխատանք կը տանի գործակցութեամբ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին ու ՄԱԿ-ի բնակեցման ֆոնտին: