Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Լիբանանի եւ թշնամիին միջեւ բանակցութիւններու փուլերուն հաստատած ճշմարտութիւնը այն է, որ իշխանութեան խումբը գործնականին մէջ որդեգրած է Դիմադրութեան վերաբերեալ բռնագրաւումին թեզը: Այդ հիմամբ ալ պիտի կարգաւորէ ներքին քաղաքական կացութիւնը` մեկնելով անկէ, թէ լիբանանցիները կ՛ընդունին բռնագրաւումին հետ համակեցութիւնը, իրենց իշխանութեան զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը գործադրելուն դիմաց»:
«Ըստ իշխանութեան խումբի ներկայացուցած թեզին, հիմնական խնդիրը այն է, որ Դիմադրութիւնը կը մերժէ թշնամիին անձնատուր ըլլալ եւ բռնագրաւումի պայմաններուն մէջ զէնքի մենաշնորհման իշխանութեան առաջարկը պիտի չընդունի:
«Մեկնելով ասկէ, ամերիկացիին բարեհաճութիւնը, եւրոպացիներու բարի կամքն ու շրջանային աջակցութիւնը ապահովելու համար իշխանութեան առջեւ չկայ այլընտրանք բացի թշնամիին ձեռք երկարելը անոր հետ ձեռնուելու եւ ի նպաստ բռնագրաւումին Դիմադրութեան վերջ տալու համար անոր հետ ուղղակի բանակցութիւն կատարելու, զինադադարի եւ լիբանանեան հողերէն հեռացումը յետաձգելու մինչեւ աւարտը այն առաքելութեան, որուն գործադրութեան առաջնահերթութեան շուրջ, ամերիկացի միջնորդի վկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, համաձայն են լիբանանցի բանագնացը եւ իսրայէլացի բանագնացը», նշեց երեսփոխանը:
«Իշխանութիւններու տրամաբանութիւնը, կարծէք, իրենց ընտրած ուղիի հետեւանքներու անտեղեակութենէն չի բխիր, այլ այն անսասան համոզումէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական յանձնառութենէն, որ այս տարբերակը, անոնց կարծիքով, երկիրը պատերազմէն եւ փլուզումէն փրկելու միջոցն է, նոյնիսկ գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան հաշուոյն», աւելցուց ան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահը նշեց, որ իշխանութիւններուն ուղղուածութիւնը երկիրը կը դնէ վտանգաւոր խաչմերուկի մը առջեւ, որ մեծ աղէտներու սպառնալիքներ կը պարունակէ: