Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ողջունած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի երկարաձգումը եւ համոզում յայտնած, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները կարելի է լուծել:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Մեր նախագահը ժողովի ընթացքին ըսաւ, որ մեր շրջանին մէջ հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարը երկարաձգելու որոշումը կը նկատէ դրական զարգացում մը եւ կը կարծէ, թէ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութեան նիւթ եղող հարցերուն կարելի է տրամաբանական լուծում մը գտնել»:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Էրտողան Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերականգնումը շրջանին համար կարեւոր ձեռքբերում որակած է, եւ յորդորած Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կռիւի շարունակման լոյսին տակ Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացումը արգիլելու քայլեր որդեգրել:
Էրտողան Թրամփին յայտնած է, որ յուլիսին Անգարայի մէջ նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին, եւ Թուրքիան աշխատանք կը տանի, որ անիկա բոլոր առումներով յաջող ժողով մը ըլլայ:
Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկած են: