Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար դեսպանատուներուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղիները չդադրեցուցին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոճիրները, լիբանանեան կառավարութիւնն ու զինադադարի համաձայնութեան հովանաւորները անկարող եղան Իսրայէլին զայն գործադրել պարտադրել, իսկ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը` Մեքանիզմը դիտաւորեալ կերպով չկատարեց իր դերը:
Երեսփոխանական պլոքը նշեց, որ իր երկրին գերիշխանութեան, անկախութեան ու ազատութեան նախանձախնդիր եղող իւրաքանչիւր անհատի եւ քաղաքական ուժի պահանջը ազգային գերիշխանութեան դէմ ամէն ձեւի յարձակումներու եւ թշնամական արարքներու դադրեցումն է, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի հեռացումը, բնակիչներու վերադարձը իրենց գիւղեր, այդ գիւղերը վերակառուցելը եւ արգելափակուածներու ազատ արձակումը:
«Մնացեալ հարցերը, որոնք կապուած են Լիբանանի պաշտպանութեան, լիբանանեան հարցեր են, զորս կարելի է լուծել ներքին երկխօսութեան ճամբով, որ կը յանգեցնէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մը ձեւաւորման, որուն բոլոր լիբանանցիները յանձնառու կը դառնան», նշեց պլոքը:
«Մեր պահանջը մեր գերիշխանութեան վրայ բոլոր տեսակի յարձակումներու դադրեցումն է, եւ կարելի չէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը խլել ժողովուրդէ մը, որ սպանութեան կ՛ենթարկուի», յայտնեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը: