Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Յետ Բարեփոխման Որդեգրեց Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը երէկ յետ բարեփոխման որդեգրեց համաներումի օրինագիծը: Այս մասին հաղորդեց «Էլ.Պի.Սի.»-ն:

Որդեգրուած բարեփոխումներուն համաձայն, մահապատիժը վերածուեցաւ 28 բանտային տարուան, ցկեանս բանտարկութիւնը` 18 բանտային տարուան, առանց դատավճիռի 14 բանտային տարիներ կալանաւորուածներուն պատիժը կը նուազեցուի մէկ երրորդի:

Իսրայէլ հեռացուածներուն վերաբերեալ որդեգրուեցան 2011 թուականին հրապարակուած թիւ 194 օրէնքի վճիռները, որոնք ի զօրու նկատուեցան:

Ներում կը շնորհուի թմրեցուցիչի օգտագործման եւ ոչ կազմակերպուած ցրուումի համար, սակայն ոչ կազմակերպուած ցրուումին ու առեւտուրին համար:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նիստէն ետք յայտարարեց. «Համաներումի օրինագիծը պահպանեց բանակի նահատակներու հարազատներուն քաղաքային դատարանին մօտ անձնական իրաւունքը, որովհետեւ բանակը հակամարտութիւններուն մէջ կողմ չէր»` արդարադատութեան նախարարին կոչ ուղղելով` դատավարութիւններուն արմատական լուծում գտնելու եւ առանց պատճառի անձեր չձերբակալելու:

«Նկատի առինք պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակի դիտարկումները», նշեց Պու Սաապ` ընդգծելով. «Բազմաթիւ դատերու մէջ ուշացման պատասխանատուն արդարադատութիւնն է»:

«Մահապատիժի հարցին մէջ որդեգրուեցաւ 28 բանտային տարին, այսինքն` իրողութեան մէջ մօտաւորապէս 21,5 տարին», ըսաւ խորհրդարանի փոխնախագահը:

Leave a Comment