Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Հըզպալլան մեզի պարտականութիւն տուաւ Պաապտայի պալատին հետ կապ հաստատելու: Նոր «Անթուան Լահտ» ստեղծելու ամերիկեան-սիոնական որեւէ փորձի դէմ պիտի դնենք, ինչպէս դէմ կը դնենք բռնագրաւումին եւ անոր գործակալներուն»:
«Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւններու խզում չկայ եւ անոր հետ կապ հաստատելու արգելք չկայ», նշեց երեսփոխանը:
«Ոչ ոք կ՛երեւակայէ, թէ մեր ժողովուրդը որքա՛ն հեռու կրնայ երթալ հարաւը ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար», ըսաւ ան:
«Լիբանանեան բանակը հայրենասէր բանակ է, եւ եթէ ամերիկացիները ստեղծեն բանակ մը, որուն պարտականութիւնը Հըզպալլայի դէմ կռուիլն է, անոր դէմ պիտի կռուինք, ինչպէս իսրայէլեան բանակին դէմ կը կռուինք», շեշտեց Ֆատլալլա: