Սալամ. «Բանակցութիւնը Պատերազմին Վերջ Տալու Դուռն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ, իր որդեգրած որեւէ որոշումէն ետդարձ պիտի չկատարէ եւ յառաջ կ՛ընթանայ հաստատութենական ծրագիրով` երկիրը իր կացութենէն փրկելու համար:

«Յանձնառու ենք ազգային սկզբունքներուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ լիբանանցիներուն մեր խոստացածին», նշեց Սալամ:

«Այսուհետեւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք բոլորը ներառող պետութիւնը շրջանցել», աւելցուց վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ մէկ պետութիւն կայ, մէկ օրէնք եւ մէկ բանակ:

Սալամ նշեց, որ զէնքը օրինական ուժերու մենաշնորհը դարձնելու ուղիէն ետդարձ չկայ` «երաշխաւորելու համար իր բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի մենաշնորհը»:

Վարչապետը յայտնեց, որ բանակցութիւնը Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու լուծումին բանալին է, որպէսզի կայունութիւնը, ապահովութիւնը, աճը, բարգաւաճումն ու կառուցումը վերադառնան երկիր:

 

 

Leave a Comment