Մուսաուի. «Գոյացած Համաձայնութիւնը Ամօթ Ու Անձնատուութիւն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւններուն քանի մը օր առաջ իսրայէլացի թշնամիին հետ կնքած համաձայնութիւնը ամօթի, անարգանքի եւ անձնատուութեան համազօր է, թէեւ նոյն այդ իշխանութիւնները երդում տուին երկրին անվտանգութեան ու անոր պահպանման վրայ, սակայն այս ուղիով ընթանալով, անոնք հաստատօրէն երկիրը չեն պահպաներ, այլ անոր գերիշխանութիւնը կը քանդեն:

«Զայն պահպանողը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մեր վստահուած ղեկավար ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի նման անձնաւորութիւններն են»:

«Լիբանանի մէջ ոմանք իսրայէլացի թշնամիին դիմաց ընթացան զարմանալի հին-նոր հայեցակարգով, թէ Լիբանանի ուժը անոր տկարութեան մէջ է, բան մը, որ վերջերս արտայայտեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը, որ ըսաւ, որ եթէ լուծում կ՛ուզենք, ապա պէտք է մեր ամերիկացի բարեկամներուն մօտ երթանք եւ քիչ մը լանք: Ամերիկացիներուն մօտ լալը արիւնահեղութիւնը կը դադրեցնէ՞ եւ երկիրը ապահով կը դարձնէ՞», հարց տուաւ երեսփոխան Մուսաուի:

«Այս երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնք ազգային անձեռնմխելիութեան պակաս ունին, աւելի ճիշդ` հայրենասիրութեան կորուստ: Այն, ինչ որ անոնք այսօր կ՛ընեն, հայրենասիրութեան կորուստի իրական մարմնացումն է` զիջումներու արհեստավարժեցման եւ անոնց արդարացման միջոցով: Թէեւ  այս երկրի հայրենասէրները բոլոր համայնքներէն ու շրջաններէն են, սակայն անոնք այն անձերն են, որոնք ունին ամուր եւ անսասան դիրքորոշում, եւ անոնք անխուսափելիօրէն պիտի յաղթանակեն` հակառակ նահատակներու քանակին եւ աւերներուն: Մենք պիտի վերադառնանք մեր գիւղերը, պիտի վերականգնենք զանոնք եւ բարձրացնենք յաղթանակի դրօշը», յայտնեց Մուսաուի:

 

 

Leave a Comment