Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Սատեքը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուատտահ Սատեքը եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան ոլորտներուն վրայ անոր ազդեցութիւնը:

Պայրագտարեան իր հիւրը դրաւ նախքան պատերազմի ծագումը` անցնող տարուան եւ այս տարուան սկիզբը նախարարութեան գործադրած ծրագիրներուն մթնոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս մտադիր է գործադրել, երբ կացութիւնը կայունանայ:

Մանրամասնօրէն քննարկուեցան այդ աշխատանքները, անոնց գործադրութեան համար գործակցութեան եւ անոնցմէ առաւելագոյն օգուտ քաղելու կարելիութիւնները:

 

Leave a Comment